Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրան Բարձրացուց Իւրանիոմի Հարստացման Համեմատութիւնը

July 8, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրան կրճատեց հիւլէական համաձայնութեան իր յանձնառութիւնը` յայտարարելով իւրանիոմի 3,6 առ հարիւրէն աւելի բարձր համեմատութեամբ հարստացումը, սակայն նաեւ յոյս յայտնելով, որ 60 օրուան ընթացքին եւրոպացիներուն հետ կարելի ըլլայ լուծում մը գտնել, նախքան դիմելը այլ քայլերու, ներառեալ Արաք հիւլէական կայանի հնոցը բանեցնելը, եթէ յանձնառութիւնները չգործադրուին:

Թեհրան նաեւ յայտարարեց, թէ իւրանիոմը պիտի բարձրացնէ յարմար դատած համեմատութեամբ եւ իր կարիքին համապատասխանող քանակով:

Իրանի կառավարութեան բանբեր Ալի Ռապիհի յայտարարեց. «Այսօրուան մեր որոշումը հիւլէական համաձայնութիւնը պահպանելուն համար է, եւ ստիպուած չենք ատոր մաս կազմել շարունակելու»:

Իրանի արտաքին գործոց նախարարի օգնական Ապպաս Արաքժի եւ Իրանեան ուժանիւթի կազմակերպութեան բանբեր Պահրուզ Քամալունտի երէկ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեցին Թեհրանի որոշումը:

Արաքժի պատասխանելով Ժիպրալթարի մէջ գրաւուած իրանեան քարիւղատար նաւուն մասին հարցումի մը ըսաւ, թէ այդ նաւը չէր ուղղուեր Սուրիա, ինչպէս Բրիտանիան կը պնդէ:

Արաքժի իրանեան նաւուն միջազգային ջուրերու մէջ գրաւումը նկատեց «ծովահէնութիւն, եւ գոյութիւն չունի որեւէ օրէնք, որ Բրիտանիոյ կ՛արտօնէ զայն գրաւուած պահել»: Ան Լոնտոնէն պահանջեց շուտով վերջ տալ նաւուն գրաւումին:

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնախումբի նախագահ Կոստանդին Քոսաչով յայտնեց, որ իրանեան քայլերը իրաւական գետնի վրայ արդարացուած են:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց, որ Իրանի` իւրանիոմի հարստացման համեմատութիւնը բարձրացնելը «շատ վտանգաւոր քայլ է»: Ան Ֆրանսայի, Բրիտանիոյ եւ Գերմանիոյ դարձեալ կոչ ուղղեց` Իրանի դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը մտահոգութիւն յայտնեց Իրանի քայլին նկատմամբ եւ վերջինիս կոչ ուղղեց` դադրեցնելու բոլոր աշխատանքները, որոնք համահունչ չեն Հիւլէական համաձայնութեան նկատմամբ իր յանձնառութիւններուն:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը նշեց, որ Լոնտոն յանձնառու է հիւլէական համաձայնագիրին, եւ Իրան անմիջապէս ետդարձ պէտք է կատարէ այդ համաձայնութեան հակասող քայլերէն` նշելով, որ Լոնտոն համաձայնութեան կէտերուն հիմամբ որդեգրուելիք յառաջիկայ քայլերուն վերաբերեալ համակարգում կը կատարէ համաձայնագիրը ստորագրած միւս կողմերուն հետ:

Եւրոպական Միութիւնը խոր մտահոգութիւն յայտնեց Իրանի կատարած յայտարարութեան նկատմամբ:

 

Նախորդը

Օմանի Արտաքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Դամասկոս

Յաջորդը

Փութին-Էրտողան Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ  Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին,  Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Քաթարցի Միջնորդին Հետ Խորհրդակցութիւնները Կը Շարունակուին, Եւ Տակաւին Վերջնական Արդիւնքի Չենք Հասած»

November 2, 2026
Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ  Զանգուածային Ցոյցեր
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Շարք Մը Երկիրներու Մէջ Զանգուածային Ցոյցեր

November 2, 2026
Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց.  «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ  Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»
Միջազգային

Լաւրով Աթլանթայէն Յայտարարեց. «Եթէ Զելենսքին Կ՛ուզէ Փութինի Հետ Հանդիպում Ունենալ, Պէտք Է Մոսկուա Գայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.