Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Էջք Կատարած Է «Էս-400»-ներու Պահեստամասեր Փոխադրող 5-րդ Ռուսական Օդանաւը

July 15, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ուաշինկթըն Անգարայի Դէմ
Պատժամիջոցնե՞ր Պիտի Հաստատէ

Թուրքիոյ «Միւրթետ» օդուժի ռազմակայան հասած է «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պահեստամասեր փոխադրող 5-րդ ռուսական օդանաւը: Այս մասին կը հաղորդէ Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով երկրին պաշտպանութեան նախարարութեան:

«Անատոլու» կը նշէ, թէ «յառաջիկայ մէկ օրուան» ընթացքին կը նախատեսուի համակարգերու պահեստամասերով բեռնաւորուած յաւելեալ երկու օդանաւի էջքը ռազմակայանի տարածք:

Ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը շաբաթ օր հաղորդած էր, թէ նշեալ ռուսական հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերու պահեստամասեր փոխադրող օդանաւ մը էջք կատարած է թրքական «Միւրթետ» ռազմակայան:

Ուրբաթ օր Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը պաշտօնապէս հաստատած էր, թէ «Էս-400»-ի առաջին պահեստամասերը հասած են Թուրքիա: Թրքական լրատուամիջոցները այդ մասին հաղորդած էին հինգշաբթի օր:

Ամերիկեան «Պլումպըրկ» կայքը, վկայակոչելով իր աղբիւրները, հաղորդեց, թէ Միացեալ Նահանգներ յառաջիկայ օրերուն Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ պիտի հաստատեն` ռուսական «Էս-400» հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը ձեռք բերելուն համար:

Ըստ «Պլումպըրկ»-ի, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի խորհրդականները մշակած են պատժամիջոցներու երեք տարբերակներ եւ կը սպասեն նախագահի հաստատման:

Ամերիկացի քոնկրեսականներ ուրբաթ օր Միացեալ Նահանգներու նախագահին կոչ ուղղած էին Թուրքիոյ դէմ պատժամիջոցներ հաստատելու` ռուսական համակարգերը ձեռք բերելուն համար:

Նախորդը

Փարիզի Մէջ. Ֆրանսայի Ազգային Տօնի Նշումէն Ետք Անկարգութիւններ Ու Բախումներ

Յաջորդը

Լը Տրիան. «Կը Զգուշացնենք Միացեալ Նահանգներու Եւ Իրանի Միջեւ Պատերազմի Մը Յանգելու Վտանգէն»

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.