Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փարիզի Մէջ. Ֆրանսայի Ազգային Տօնի Նշումէն Ետք Անկարգութիւններ Ու Բախումներ

July 15, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ` Էլիզէի դաշտերէն ոչ հեռու, Պասթիլի գրաւման օրուան առիթով տեղի ունեցաւ աւանդական զինուորական շքերթ մը, որմէ ետք փողոցներուն մէջ սկսան անկարգութիւններ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:

Հակառակ մեծ թիւով ոստիկաններու ներկայութեան, ֆրանսական իշխանութիւնները չյաջողեցան խուսափիլ հասարակական կարգի խախտումներէն:

Բողոքի երթի մասնակիցները, վանկարկելով «Դեղին բաճկոններ» շարժումի կարգախօսները, սկսան քանդել փողոցներուն մէջ տեղակայուած ցանկապատերը` փորձելով անոնցմէ պատնէշներ ստեղծել: Սկսած ծեծկռտուքին պատճառով ոստիկանները ստիպուած եղան օգտագործել արցունքաբեր կազ:

Ոստիկանական եւ կիսազինուորական ոստիկանութեան ուժերը արդէն շքերթի սկիզբէն առաջ անվտանգութեան քայլեր որդեգրած էին. անոնք ստուգած էին շքերթը դիտելու եկած անձերուն պայուսակներու պարունակութիւնը` անոնցմէ գրաւելով ջուրով լեցուած շիշերը:

Անվտանգութեան միջոցառումներու ուժեղացման դրդապատճառը «Դեղին բաճկոններ» շարժումի կողմէ հերթական ցոյցի հաւանականութիւնն էր:

Յիշեցնենք, որ «Դեղին բաճկոններ» շարժումի բողոքի ցոյցերը սկսած էին նոյեմբեր 2018-ին: Ցուցարարներու բողոքը ուղղուած էր իշխանութիւններուն` վառելանիւթի սակը բարձրացնելու մտադրութեան դէմ: Այդ պահանջը շուտով բաւարարուեցաւ, սակայն դժգոհ ցուցարարները կը շարունակեն ամէն շաբաթ օր բողոքի ցոյց կատարել: Վերջերս, սակայն, շարժումին աշխուժութեան մէջ անկում կը նկատուէր:

 

 

Նախորդը

Զարիֆ-Հանթ Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Էջք Կատարած Է «Էս-400»-ներու Պահեստամասեր Փոխադրող 5-րդ Ռուսական Օդանաւը

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.