Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուաշինկթընի Մէջ Բրիտանիոյ Դեսպանին Համաձայն. Թրամփ Իրանի Հետ Հիւլէական Համաձայնագիրէն Հեռացած Է` Ի Հեճուկս Օպամայի

July 16, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու մէջ Բրիտանիոյ նախկին դեսպան Քիմ Տերոք Լոնտոն ուղարկած հաղորդագրութիւններէն մէկուն մէջ կարծիք յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Իրանի հետ հիւլէական համաձայնագիրէն դուրս եկած է` ի հեճուկս իր նախորդին` Միացեալ Նահանգներու 44-րդ նախագահ Պարաք Օպամայի: Այս մասին կը հաղորդէ «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը:

Բրիտանական օրաթերթին տուեալներով` դեսպանը, որ վերջերս իր հաղորդագրութիւններու արտահոսքին շուրջ ստեղծուած գայթակղութեան լոյսին տակ հրաժարած է, նշած է, թէ Թրամփի` համաձայնագիրը լքելու որոշումը ունեցած է անձնական դրդապատճառներ, որովհետեւ այդ համաձայնագիրը կնքուած է Օպամայի նախագահութեան օրերուն: Տերոք նախագահին այդ քայլը կոչած է դիւանագիտական վանտալիզմ:

«Տէյլի Մէյլ» կը նշէ, որ հաղորդագրութիւնը, որուն մէջ Տերոք այդպիսի կարծիք յայտնած է, ուղարկուած է մայիս 2018-ին, երբ Բրիտանիոյ այդ ժամանակուան արտաքին գործոց նախարար Պորիս Ճոնսըն չէր կրցած համոզել Թրամփը համաձայնագիրին մէջ մնալու:

Յիշեցնենք, որ Բրիտանիոյ դեսպանի հաղորդագրութիւններու արտահոսքի մասին տեղեկութիւններ հրապարակած էր «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը, որ հատուածներ նշած էր Տերոքի հաղորդագրութիւններէն: Օրաթերթին համաձայն, Տերոք անոնցմէ մէկուն մէջ յայտարարած է, թէ չի հաւատար, որ Թրամփի վարչակազմը պիտի դառնայ «նուազ ոչ գործառնական, նուազ անկանխատեսելի», վարչակազմին մէջ գոյութիւն ունեցող խմբակները նուազ պառակտուած, ինչպէս նաեւ կարծիք յայտնած էր, որ ամերիկացի ղեկավարին ասպարէզը «կրնայ ամօթալի աւարտ ունենալ»:

Աւելի ուշ, Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութիւնը հրապարակած էր հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կ՛ըսէր, թէ դեսպանը իր երկրին վատ ծառայութիւն մատուցած է:

 

 

Նախորդը

«Պիտի Ռմբակոծենք Շրջանային Որեւէ Պետութիւն, Որ Կը Մասնակցի Մեր Դէմ Ամերիկեան Որեւէ Յարձակումի» Կ՛ըսէ Զօր. Մուսաւի

Յաջորդը

Բրիտանիա Եւ Քանատա Զանգուածային Լրատուամիջոցներու Ազատութեան Ապահովման Նպատակով Դաշինք Պիտի Ստեղծեն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.