Լեւոն ԺԴ. պապը Վատիկանի մօտ հաւատարմագրուած նոր դԵսպաններու առջեւ խօսք մը արտասանելով նշեց. «Վատիկան աշխարհի տարածքին մարդու իրաւունքներու ոտնահարման դիմաց ձեռնածալ պիտի չմնայ»:
«Կ՛ուզեմ վերահաստատել, որ Սուրբ աթոռը ձեռնածալ պիտի չմնայ հետզհետէ աւելի պառակտուած եւ տագնապներու ենթակայ համաշխարհային հասարակութեան մէջ հսկայական անհաւասարութիւններու, անիրաւութեան, մարդու հիմնարար սկզբունքներու ոտնահարումներուն նկատմամբ», յայտարարեց պապը:
«Սուրբ աթոռի դիւանագիտութիւնը շարունակ դէպի մարդկութեան բարիքի ծառայութեան կ՛ուղղուի, մասնաւորաբար խղճմտանքներուն կոչ ուղղելով եւ մտիկ ընելով աղքատներուն, փխրուն կացութեան մէջ ապրողներուն կամ դէպի հասարակութեան լուսանցք մղուողներուն ձայներուն», ըսաւ Լեւոն ԺԴ.:


