Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵԽԽՎ-ն Պատուիրակութիւն Պիտի Ուղարկէ Ազրպէյճան` Արտակարգ Խորհրդարանական Ընտրութիւններուն Հետեւելու Համար

January 31, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի (ԵԽԽՎ) 25 հոգինոց պատուիրակութիւնը` Ֆրենք Շվապէի (Գերմանիա) գլխաւորութեամբ, փետրուարի 7-10-ին պիտի մեկնի Ազրպէյճան` ԵԱՀԿ-ի խորհրդարանական վեհաժողովի եւ ԵԱՀԿ-ի ժողովրդավարական հաստատութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու գրասենեակի հսկիչներուն հետ միասին հետեւելու արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ ԵԽԽՎ-ի կայքը:

Նախքան 9 փետրուարին տեղի ունենալիք քուէարկութիւնը, պատուիրակութիւնը, մասնաւորաբար, հանդիպումներ պիտի ունենայ թեկնածուներու եւ քաղաքական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչներու, ինչպէս նաեւ Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբի, քաղաքացիական հասարակութեան, մամլոյ ներկայացուցիչներու հետ:

Միւս կողմէ, ԵԽԽՎ-ն 30 յունուարին ձայներու մեծամասնութեամբ ընդունեց Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու խնդիրի մասին բանաձեւը:

ԵԽԽՎ-ի կայքը կը հաղորդէ, որ բանաձեւը կազմուած է Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու հարցով զեկուցող, իսլանտացի երեսփոխան Թորհիլտուր Սուննա Էվարստոթթիրի հաշուետուութեան հիման վրայ: Քննարկման ընթացքին երեսփոխաններու մեծամասնութիւնը հաւանութեան արժանացուցեած է զեկուցումը:

Մասնաւորաբար, ֆրանսացի երեսփոխան Պեռնար Ֆուռնէ մատնանշած է Ազրպէյճանի կողմէ Մարդու իրաւունքներու եւրոպական դատարանի որոշումներու չիրագործումը, ինչ որ անընդունելի կոչած է:

ԵԽԽՎ-ն Ազրպէյճանի կառավարութեան կոչ ուղղած է ապահովել, որ ենթադրեալ քաղաքական բանտարկեալներու ցուցակները վերատեսութեան ենթարկուին` «անկախ եւ անկողմնակալ մարմինի» կողմէ:

30 յունուարին Սթրազպուրկի մէջ Եւրոպական խորհուրդի գրասենեակին դիմաց տեղի ունեցած է բողոքի ցոյց մը` Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման պահանջով:

Ազրպէյճանցի իրաւապաշտպաններու տուեալներով` Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական բանտարկեալներուն թիւը 120-էն 160 է:

Նախորդը

Թրքական Պատկերասփիւռի Կայանի Տնօրէնին Համաձայն. Սիւլէյմանին Որոշիչ Դեր Ունեցած Է 2016-ի Յեղաշրջման Փորձի Տապալման Գործին Մէջ

Յաջորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Յոյն Երեսփոխանը Պատռած Է Թուրքիոյ Թուղթէ Դրօշը

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.