Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած է, որ Իրան Թեհրանի մօտ տեղի ունեցած ողբերգութեան պատճառով զոհուած ուքրանացիներու ընտանիքներուն 80.000-ական տոլար հատուցում առաջարկած է:
«Ատիկա շատ փոքր գումար է: Ճնշումներ պիտի գործադրենք աւելի մեծ գումարի համար», յայտարարած է Զելենսքի «Թի.Սի. Էյչ.»-ին տուած իր հարցազրոյցին մէջ:
Յիշեցնենք, որ Թեհրանի օդակայանէն մեկնելէ ետք դէպի Քիեւ թռչող «Պոյինկ 737-800» օդանաւը 8 յունուարին վար առնուած էր:
Ըստ պաշտօնական տուեալներու, արկածին պատճառով մահացած են 176 մարդիկ` Իրանի, Ուքրանիոյ, Քանատայի, Բրիտանիոյ, Գերմանիոյ, Շուէտի եւ Աֆղանիստանի քաղաքացիներ:
Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի «Թուիթըր» ընկերային ցանցի իր էջին վրայ յայտնած էր. «Զինեալ ուժերու ներքին հետաքննութեան լոյսին տակ ի յայտ եկած է, թէ, ցաւօք, մարդկային սխալի պատճառով արձակուած հրթիռները պատճառ դարձած են ուքրանական օդանաւի սարսափելի աղէտին եւ 176 անմեղ մարդոց մահուան»: