Գերմանիոյ խորհրդարանը` Պունտըսթակը երեսփոխանական անձեռնմխելիութենէ զրկած է երեսփոխան Քարին Շթրենցը:
Շթրենց կը մեղադրուի Ազրպէյճանէն կաշառք ստանալու եւ այդ երկրի շահերու լոպիինկով զբաղելու յանցանքով: Նոյն գործով կը մեղադրուի նաեւ Գերմանիոյ Քրիստոնեայ-ընկերային միութիւն կուսակցութենէն երեսփոխան Էտուարտ Լինթնըր:
«Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` Գերմանիոյ Պունտըսթակը անցեալ տարի Քարին Շթրենցը տուգանած էր 20 հազար եւրոյով Ազրպէյճանէն ստացած լրացուցիչ վարձատրութեան մասին Պունտըսթակը ժամանակին չտեղեկացնելուն համար:
Քարին Շթրենցի նկատմամբ կասկածները ի յայտ եկած են 2017-ին Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողովին մէջ փտածութեան գայթակղութեան ընթացքին: Մասնաւորաբար, անոր անունը յիշատակուած է Եւրոպայի մէջ Պաքուի շահերուն ի նպաստ լոպիինկ կատարելու համար կաշառքներու մասին անկախ փորձագէտներու ապրիլ 2018-ին հրապարակած զեկուցումին մէջ:
Փաստաթուղթին մէջ կը նշուի, որ փտածութեան գայթակղութեան հիմնական մասնակից, Պունտըսթակի նախկին երեսփոխան Էտուարտ Լինթնըր իրեն պատկանող եւ Պաքուի կողմէ ֆինանսաւորուող ու Ազրպէյճանի ի նպաստ լոպիինկ կատարող «Լայն Մ-Թրէյտ» խորհրդատուական կազմակերպութեան մէջ աշխատանքի ընդունած է Քարին Շթրենցը:
Հակառակ առեւտրական շահերուն` Շթրենց 2015-ին եղած է Ազրպէյճանի ընտրութիւններուն հսկող հսկողութեան առաքելութեան կազմին մէջ: Ի յայտ եկած կասկածներու պատճառով Շթրենց 2018-ի սկիզբը չէ ընդգրկուած ԵԽԽՎ-ի մէջ Գերմանիոյ պատուիրակութեան կազմին մէջ: Ան պնդած է, որ ինք չէ գիտցած, թէ Լինթնըրի ընկերութիւնը կը ֆինանսաւորուի Ազրպէյճանէն: Ան ինքզինք մեղաւոր նկատած է միայն անոր մէջ, որ Պունտըսթակին ժամանակին չէ տեղեկացուցած իր լրացուցիչ վարձատրութեան մասին:
«Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» փտածութեան դէմ պայքարի կեդրոնը հրապարակած է հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշէ, թէ Ֆրանքֆուրթի դատախազութիւնը գործ յարուցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի անդամ Քարին Շթրենցի եւ նախկին երեսփոխան Էտուարտ Լինթնըրի դէմ:
«Նախապէս, մարտ 2019-ին, «Թրանսփերընսի Ինթըրնեշընըլ» համաշխարհային կազմակերպութեան գերմանական ներկայացուցչութիւնը` «Թրանսփերընսի Տէօչլանտ»-ը, առերեւոյթ փտածութեան յանցագործութիւններու մասին կը հաղորդէր ընդդէմ գերմանական Պունտըսթակի ներկայ եւ նախկին քանի մը անդամներու` առնչուած «ազրպէյճանական լուացքատան» գայթակղալի գործին հետ: 2019 մայիսին Ռոսթոք քաղաքի դատախազը որոշում կայացուցած էր վարոյթ չսկսելու մասին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Կը նշուի, որ Ֆրանքֆուրթի դատախազը Քարին Շթրենցը կը մեղադրէ «ազրպէյճանամէտ դիրքորոշման» միջոցով առնուազն 22 հազար եւրօ կաշառք ստանալու յանցանքով: ԵԽԽՎ-ի նախկին անդամ Էտուարտ Լինթնըր կը մեղադրուի Ազրպէյճանէն բրիտանական կեղծ ընկերութիւններու միջոցով 2008-2016 թուականին շուրջ 4 միլիոն եւրօ ստանալու յանցանքով, որ այնուհետեւ պէտք է փոխանցէր ԵԽԽՎ-ի այլ անդամներու, որոնք ատոր դիմաց դրական կարծիքներ արտայայտած են ազրպէյճանական կառավարութեան մասին եւ նպատակադրուած դէմ արտայայտուած են քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակման: