Ֆրանսայի պաշտպանութեան նախարար Ֆլորանս Փարլի նշեց. «Ֆրանսան մտադիր է Յունաստանի կողքին կանգնիլ եւ անոր օժանդակել Եգէական ու Միջերկրական ծովերուն արեւելքի լարուածութեան դիմակայման»:
«Ֆրանսան կը զօրակցի Յունաստանի եւ Կիպրոսի` ծովային շրջաններուն մէջ անոնց գերիշխանութեան յարգման հարցին մէջ, եւ իր եւրոպացի գործընկերներուն հետ կը դատապարտէ Թուրքիոյ կողմէ այս հիմնական օրէնքներու անարգումը», ըսաւ ան:
Յունական ծովուժին պատկանող յածանաւ մը Միջերկրական ծովուն մէջ կ՛ընկերակցի Ֆրանսայի «Շարլ տը Կոլ» օդանաւակիրին: