Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամերիկեան Զգուշացումներ` «Քորոնա»-ին «Համաշխարհային Համաճարակի» Վերածուելէ

February 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հիւանդութիւններու դէմ պայքարի ամերիկեան կեդրոնէն` «Սի.Տի.Սի.»-էն բժշկական պատասխանատուներ զգուշացուցին, որ «Քորոնա»-ի համաշխարհային համաճարակի վերածուիլը այլեւս կարելիութիւն մը չէ, այլ ժամանակի հարց:

Միացեալ Նահանգներու առողջապահութեան նախարար Ալեքս Ազար իր կարգին հաւանական նկատեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրով յաւելեալ վարակումներ ըլլան:

Նախարարը նշեց, որ Ուաշինկթըն տարրալուծարանային հետեւողական աշխատանքով կը միտի ժահրը վերահսկողութեան ենթարկելու իր պատրաստուածութիւնը ամրապնդել:

Ան յայտնեց, որ ամերիկեան վարչակազմը պատուաստներու եւ սահմաններուն վրայ հսկողութեան համակարգերու գործարկման ուղղութեամբ աշխատանք կը ծաւալի:

Նախարար Ազար սեփական մարզին կոչ ուղղեց` մասնակից դառնալու «Քորոնա» ժահրին դիմակայման` նշելով. «Մենք կարիքն ունինք պատուաստներու եւ պաշտպանական նիւթերու ապահովման համար յաւելեալ ֆինանսաւորման»` աւելցնելով, որ իր երկիրը մտադիր է պահպանել Չինաստանի հետ ճամբորդական սահմանափակումները:

Յիշեցնենք, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, թէ «Քորոնա» ժահրը Միացեալ Նահանգներու մէջ վերահսկողութեան տակ է:

Միւս կողմէ` «Քորոնա»-ն յաւելեալ երկիրներ ներթափանցեց եւ աշխարհի տարածքին այդ ժահրով վարակուածներու ու այդ պատճառով մահացածներուն թիւը շարունակեց բարձրանալ:

«Քորոնա»-ի «օրրան» Չինաստանի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 2715-ի, իսկ վարակուածներունը` 78.064-ի, Իրանի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 16-ի, իսկ վարակուածներունը` 95-ի, Ճափոնի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 5-ի, իսկ վարակուածներունը` 170-ի, Քուէյթի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 25-ի: Իտալիոյ մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 12-ի, իսկ վարակուածներունը` 374-ի: Պահրէյնի մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 26-ի: Միացեալ Նահանգներու մէջ արձանագրուած են վարակման 57 դէպք:

Երէկ Սպանիոյ մէջ եւս արձանագրուեցաւ վարակման դէպք մը: Հաղորդուեցաւ, որ ան Իտալիայէն եկած անձ մըն է: «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին դէպքեր արձանագրուեցան նաեւ Գերմանիոյ, Յունաստանի եւ Պրազիլի մէջ: Մէկ օր առաջ վարակման դէպք մը արձանագրուած էր նաեւ Աւստրիոյ մէջ:

Հարաւային Քորէայի մէջ զոհերուն թիւը բարձրացաւ 12-ի, երկրին մէջ «Քորոնա»-ով վարակուած են 893 անձեր, որոնց շարքին` Հարաւային Քորէայի մէջ տեղակայուած ամերիկացի զինուոր մը:

 

Նախորդը

Ռուսիա Չքուէարկեց Եմէնի Դէմ Պատժամիջոցներուն

Յաջորդը

«Քորոնա» Ժահրի Ոչ Առողջապահական Հետեւանքներ

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.