ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցիչ Վասիլի Նիփենզիա յայտնեց, որ «Ռուսիան չկրցաւ Լոնտոնի կողմէ Եմէնի դէմ հաստատուած միջազգային պատժամիջոցներու երկարաձգման վերաբերեալ նախագիծին աջակցիլ: Ըստ անոր ան նաեւ հրաժարեցաւ Ապահովութեան խորհուրդին մէջ ատոր շուրջ քուէարկելէ, որովհետեւ Մոսկուայի բոլոր նկատողութիւնները նկատի չառնուեցան զայն պատրաստողներուն կողմէ»:
Ապահովութեան խորհուրդը որդեգրեց որոշումը: