Ազրպէյճան Կը Ջնջէ Դաւիթ Գարեջիի Վրացական Հետքերը
Վրաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորական Վիթալի Կվինաշվիլի յայտարարած է, որ Ազրպէյճան փոփոխութիւններ կը կատարէ վրացական յայտնի Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Փրայմթայմ» կայքը: «Ազրպէյճան սկսած է ջնջել հետքերը եւ այնտեղ ստեղծել ազրպէյճանական ենթակառոյց», յայտարարած է Գվինաշվիլի` հրապարակելով շարք մը լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, որ ազրպէյճանցիները աշխատանքներ կը կատարեն վանական համալիրի տարածքին մէջ: «Գարեջին վրացական է», եզրափակեց...




















