Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազրպէյճան Կը Ջնջէ Դաւիթ Գարեջիի Վրացական Հետքերը

March 12, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Վրաստանի ուղղափառ եկեղեցւոյ հոգեւորական Վիթալի Կվինաշվիլի յայտարարած է, որ Ազրպէյճան փոփոխութիւններ կը կատարէ վրացական յայտնի Դաւիթ Գարեջիի վանական համալիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Փրայմթայմ» կայքը:

«Ազրպէյճան սկսած է ջնջել հետքերը եւ այնտեղ ստեղծել ազրպէյճանական ենթակառոյց», յայտարարած է Գվինաշվիլի` հրապարակելով շարք մը լուսանկարներ, որոնց մէջ կ՛երեւի, որ ազրպէյճանցիները աշխատանքներ կը կատարեն վանական համալիրի տարածքին մէջ: «Գարեջին վրացական է», եզրափակեց հոգեւորականը:

Դաւիթ Գարեջիի պաշտպանութեան յանձնախումբը նախապէս Թիֆլիսի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանատան առջեւ բողոքի ցոյց կատարած էր` պահանջելով, որ ազրպէյճանական զօրքերը դուրս բերուին բռնագրաւուած համալիրի տարածքէն: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական պետական «1Թի.Վի.» կայքը:

Ցոյցի կազմակերպիչներէն յանձնախումբի նախագահ Նիքոլոզ Մժաւանածէ յայտարարած է, որ Ազրպէյճան արդէն աւելի քան մէկ տարիէ ի վեր գրաւած է վրացական դիրքերը եւ կ՛արգիլէ վրացի հոգեւորականներուն մուտքը վանական համալիր:

Ցուցարարները կոչ ուղղած են, որ ազրպէյճանցիները ենթարկուին Վրաստանի վարչապետ Կէորկի Կախարիայի եւ Իլհամ Ալիեւի միջեւ գոյացած համաձայնութեան, որ վրացի հոգեւորականներուն կ՛արտօնէ անարգել մուտք գործել սրբատեղիներ: Ցուցարարները Ազրպէյճանէն կը պահանջեն հեռացնել իր զօրքերը վրացական հողերէն եւ նամակ յղած են Իլհամ Ալիեւին:

Բացի Գարեջիի վանական համալիրէն, ազրպէյճանցիները նաեւ գրաւած են վրացական շարք մը այլ հողեր` Պապաքիար լեռը, «Կարմիր» կամուրջը, կառուցելով նոր յենակէտեր:

Վանական համալիրի բռնագրաւումէն ետք, վրացական բազմաթիւ հասարակական-քաղաքական գործիչներ իրենց բողոքը յայտնած են եւ պարբերաբար ցոյց կազմակերպած` ի պաշտպանութիւն վանական համալիրին: Ատոր ի պատասխան` Ազրպէյճան կը յայտարարէ, որ այդ ցոյցերուն մէջ կան «հայկական հետքեր»:

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ «Քորոնա» Ժահրի Երեք Նոր Դէպք

Յաջորդը

Ռուսիոյ Տուման Որդեգրած Է Նախագահին Վերընտրուելու Կարելիութիւն Ընձեռող Սահմանադրական Փոփոխութիւններու Մասին Օրէնքը

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում  Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս  Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Մտածենք Իրանի Վրայ Յարձակում Գործելու Մասին, Եւ Թերեւս Ատիկա Վաղը Տեղի Ունենայ»

October 26, 2026
Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք  Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»
Գլխաւոր լուրեր

Ուշաքով. «Ռուսիան Պատրաստ Է 4 Նոյեմբերէն Ետք Վերսկսելու Ուքրանիոյ Շուրջ Բանակցութիւնները»

October 26, 2026
Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան  Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»
Միջազգային

Նովաք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Ամերիկեան Մազութի Որեւէ Քանակ Մատակարարելու»

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.