Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութեան Ղեկավարները Կը Զգուշացնեն Էրտողանը, Որ Պէտք Է Յարգէ Գաղթականներու Համաձայնութիւնը

March 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Եուրաքթիւ» կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան խստադէմ ղեկավարները Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ երկուշաբթի օր տեղի ունեցած հանդիպումին ընթացքին զգուշացուցած են, որ պէտք է յարգել  գաղթականները Եւրոպայի սահմաններէն հեռու պահելու մասին երկու կողմերուն միջեւ նախապէս կնքուած համաձայնութիւնը:

«Եուրաքթիւ» կ՛աւելցնէ, թէ Եւրոպական Խորհուրդին մէջ բանակցութիւններէն ետք լարուածութիւնը բացայայտ էր, մասնաւորաբար երբ Էրտողան ընտրեց ուղղակի օդակայան ուղղուիլ` Եւրոպական Միութեան նախագահներ Ուրսուլա Վոն Տեր Լէյենի եւ Շարլ Միշելի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսին մասնակցելու փոխարէն:

Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Վոն Տեր Լէյեն լրագրողներուն ըսաւ. «Պարզ է, որ տարակարծութիւններ ունինք, սակայն յստակօրէն եւ անկեղծօրէն կերպով խօսեցանք իրարու հետ»:

Թէ՛ Վոն Տեր Լէյեն, թէ՛ Միշել շեշտեցին, որ 2016-ին Եւրոպական Միութեան ու Թուրքիոյ միջեւ կնքուած համաձայնութիւնը, որուն հիմամբ Անգարան համաձայն գտնուեցաւ Եւրոպական Միութենէն միլիառաւոր եւրոներու դիմաց գաղթականներն ու տեղահանուածները արգիլել Յունաստան ուղղուելէ, կը շարունակէ մնալ ի զօրու:

Միշել յայտնեց, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ճոզեփ Պորել յառաջիկայ քանի մը օրերուն պիտի աշխատի Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ` «ապահովելու համար, որ համամիտ ենք եւ մեր ընելիքին վերաբերեալ նոյն մեկնաբանութիւնը ունինք թէ՛ Թուրքիոյ մէջ, թէ՛ ալ Եւրոպական Միութեան մակարդակին վրայ` գործադրելու համար համաձայնութիւնը»:

Աւելի ուշ Թուրքիոյ նախագահական պալատէն աղբիւր մը բաւարարուեցաւ ըսելով. «Եւրոպական Միութեան մէջ հանդիպումը արդիւնաւէտ էր»:

«Եուրաքթիւ» կը հաղորդէ, որ Էրտողան Եւրոպական խորհուրդի կեդրոնատեղի ուղղուելէ առաջ հանդիպում ունեցած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկի հետ եւ անոր կտրուկ կերպով ըսած. «ՕԹԱՆ-ը կը գտնուի կենսական հոլովոյթի մը մէջ, ուր պէտք է յստակօրէն  իր դաշնակիցին հետ իր միասնականութիւնը ցոյց տայ»:

«Մեր դաշնակիցները պէտք է մեր երկրին հետ իրենց միասնականութիւնը ցոյց տան առանց խտրականութեան եւ առանց քաղաքական պայմաններ ներկայացնելու», ըսաւ Էրտողան` աւելցնելով. «Շատ կարեւոր է, որ մեր պահանջած աջակցութիւնը տրամադրուի առանց յաւելեալ ուշացումի»:

«Թուրքիա կ՛ուզէ, որ ՕԹԱՆ աջակցի Սուրիա իր միջամտութեան, որ միակողմանի կերպով սկիզբ առաւ», գրեց «Եուրաքթիւ»` աւելցնելով, որ Էրտողան նաեւ նեղացած կը թուէր, որ իր մտահոգութիւններուն ականջ տալու փոխարէն Վոն Տեր Լէյենն ու Միշելը զօրակցած են Յունաստանին` իբրեւ Թուրքիայէն հեռանալու քաջալերուած գաղթականներուն դէմ Եւրոպայի «վահանը»:

Թրքական «Սապահ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Էրտողան Պրիւքսելէն օդանաւով վերադառնալու ընթացքին լրագրողներուն յայտնած է. «Մերքելն ու Մաքրոնը Ճոնսընի հետ նախապէս պէտք է գային Պոլիս, սակայն չեղաւ: Մենք այդպիսի հանդիպում մը պիտի ունենանք յաջորդ երեքշաբթի: Եթէ Ճոնսըն կարենայ գալ, ատիկա քառակողմ հանդիպում պիտի ըլլայ, եթէ ոչ, ապա եռակողմ: Մենք այս նիւթը պիտի քննարկենք համակողմանիօրէն»:

Նախորդը

«Եւրոպայի Սահմանը Թուրքիա-Յունաստան Սահմանէն Չի Սկսիր, Այլ Թուրքիոյ Հարաւային Եւ Արեւելեան Սահմաններէն» Կ՛ըսէ Չաւուշօղլու

Յաջորդը

Էրտողան. «Փութինին Կոչ Ուղղեցինք` Տէր Զօրի Քարիւղի Դաշտերը Փոխադարձաբար Կառավարելու»

RelatedPosts

Սպառնալով Դանիոյ`  Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան  Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող  Վերջին Երկիրը Չըլլալ»
Գլխաւոր լուրեր

Սպառնալով Դանիոյ` Թրամփ. «Կրինլանտին Կարիքը Ունինք, Եւ Վենեզուելան Կրնայ Ամերիկեան Միջամտութեան Ենթարկուող Վերջին Երկիրը Չըլլալ»

January 6, 2026
«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ  Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին»  Կ՛ըսէ Թրամփ
Միջազգային

«Քուպան Տապալելու Պատրաստ Է, Եւ Իրան Ուժեղ Հարուած Պիտի Ստանայ, Եթէ Ցուցարարներ Սպաննուին» Կ՛ըսէ Թրամփ

January 6, 2026
Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ,  Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին,  Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»
Միջազգային

Ռուպիօ. «Մեզի Վենեզուելական Քարիւղ Պէտք Չէ, Սակայն Անիկա Ինչո՞ւ Չինաստանին, Ռուսիոյ Եւ Իրանին Անհրաժեշտ Է»

January 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.