Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Տը Կարտիըն»-ի. Ռուսիան Բրիտանացիներու Ցանց Վարձած Է «Փութինի Թշնամիները Հետապնդելու Համար»

March 11, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանիոյ խորհրդարանի շարք մը անդամներ Ռուսիան մեղադրած են բրիտանացի քաղաքական գործիչներու եւ խորհրդականներու ցանց վարձելու եւ անոնց միջոցով Ռուսիոյ «յանցաւոր շահերը յառաջ մղելու», Լոնտոնի մէջ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի «թշնամիները հետապնդելու» համար: Այս մասին կը գրէ բրիտանական «Տը Կարտիըն» օրաթերթը` յղում կատարելով Ռուսիոյ մասին զեկուցումը կազմող երեսփոխաններուն:

Խորհրդարանի հետախուզութեան եւ անվտանգութեան հարցերով յանձնախումբի ներկայացուցած գաղտնի ապացոյցներուն մէջ ելեւմտական մարզի գործիչ Պիլ Պրոուտըր յայտարարած է, որ Մոսկուան կրցած է «ներթափանցել» բրիտանական հասարակութիւն` օգտագործելով լաւ վճարուող բրիտանացի միջնորդներ»:

«Անոնցմէ ոմանք կրնային իմանալ` որո՛ւ եւ ինչի՛ համար կ՛աշխատին, միւսները Ռուսիոյ համար կ՛աշխատին ակամայ, առանց իմանալու», նշած է Պրոուտըր:

Ենթադրեալ միջնորդներու շարքին են քաղաքական գործիչներ թէ՛ Աշխատաւորական, թէ՛ ալ Պահպանողական կուսակցութիւններէն, հետախուզական ու դիւանագիտական ոլորտի նախկին աշխատակիցներ, ինչպէս նաեւ քանի մը յառաջատար կազմակերպութիւններ:

Պրոուտըրի վկայութիւններուն մէջ խօսք չկայ այն մասին, թէ Բրիտանիոյ քաղաքացիները օրէնք խախտած են: Անոր համաձայն, «մոսկովեան վարչակարգը կ՛օգտագործէ այդ մասնագէտները, որպէսզի քողարկէ իր խառն եւ յանցաւոր շահերը»:

«Ռուսիան զանոնք կ՛օգտագործէ Փութինի քննադատներուն վրայ յարձակելու, ռուսական քարոզչութիւնն ու ապատեղեկատուութիւնը տարածելու, դրամներու լուացման լայնածաւալ գործողութիւնները դիւրացնելու եւ քողարկելու համար», ըսած է ան:

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով Պրոուտըրի յայտարարութիւնները որակած է «ստայօդ եւ անհիմն»:

Նախորդը

Հաֆթար Մաքրոնին Հաւաստած Է, Որ Պատրաստ Է Զինադադարի Համաձայնագիր Ստորագրելու

Յաջորդը

Միացեալ Նահանգներ Սկսած Են Իրենց Զօրքերը Հեռացնել Աֆղանիստանէն

RelatedPosts

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը  Թաղամասերու Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Բուռն Բախումներ Հալէպի Կարգ Մը Թաղամասերու Մէջ

January 9, 2026
Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Սուրիա – Իսրայէլ Համաձայնութիւն

January 9, 2026
Սահեր. «Գոյանալիք Որեւէ Համաձայնութեան Մէջ  Պիտի Պահպանենք Որեւէ Խախտում Արձանագրուելու  Պարագային Գործելու Մեր Ազատութիւնը»
Միջազգային

Սահեր. «Հալէպի Մէջ Քիւրտ Փոքրամասնութեան Վրայ Սուրիական Ուժերու Յարձակումները Վտանգաւոր Ու Մտահոգիչ Են»

January 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.