Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուհանի Մէջ 14 Ժամանակաւոր Հիւանդանոցներէն 11-ը Արդէն Փակուած Են` Հիւանդներուն Դուրս Գալուն Պատճառով

March 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանի Ուհան քաղաքին մէջ մարզադաշտերու եւ ցուցահանդէսի կեդրոններու մէջ կազմակերպուած 14 ժամանակաւոր հիւանդանոցներէն 11-ը արդէն փակուած են` հիւանդներուն դուրս գալուն պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ Չինաստանի պետական պատկերասփիւռի կայանը:

«Համաճարակին սկսելէն ետք Ուհանի մէջ շարք մը մարզադաշտեր եւ ցուցահանդէսի կեդրոններ վերակառուցուելով դարձած էին ժամանակաւոր հիւանդանոցներ: Մեծ թիւով ապաքինած հիւանդներու դուրս գալէն ետք, Ուհանի 14 ժամանակաւոր հիւանդանոցներէն 11-ը անցած են հանգիստի դրութեան», նշուած է պատկերասփիւռի կայանի հաղորդագրութեան մէջ:

Մնացեալ հիւանդները տեղափոխուած են մասնագիտացած հիւանդանոցներ, ուր կ՛ընդունուին «Քորոնա» ժահրով վարակուած հիւանդները: Չինաստանի մէջ, ներառեալ համաճարակի օճախ Հուպէյի նահանգին մէջ, համաճարակաբանական իրավիճակը վերջին շրջանին կը բարելաւուի:

«Քորոնա» ժահրին շուրջ միջազգային վիճակագրութիւնները ցոյց տուին, որ Իտալիան ժահրէն մահացածներու թիւով գրաւած է առաջին դիրքը` շրջանցելով Չինաստանն ու Իրանը: Իտալիոյ մէջ մինչեւ կիրակի գիշեր վարակուածներուն թիւը 7375 էր, իսկ զոհերուն թիւը` 366, ինչ որ վարակուածներուն թիւին 4,96 առ հարիւրն է: Համաճարակի օճախ Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը 80703 է, իսկ մահացածներունը` 3098, ինչ որ վարակուածներուն 3,84 առ հարիւրն է: Ինչ կը վերաբերի Իրանին, վարակուածներուն թիւը 6566 է, իսկ մահացածներունը` 194, ինչ որ վարակուածներուն 2,95 առ հարիւրն է:

Իրանի առողջապահութեան եւ բժշկական կրթութեան նախարարութեան հասարակութեան հետ կապերու բաժանմունքի ղեկավար Քիյանուշ Ճահանփուր յայտնեց, որ Իրանի մէջ նոր «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը 7161 է, մահացած է 237 մարդ, որոնց շարքին` Յեղափոխական պահակագունդի քաղաքական հարցերու վարչութեան ղեկավարի նախկին տեղակալ Ֆարզատ Թազարի:

Ռուսիոյ մէջ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 20-ի, իսկ մահացածներունը` 3-ի, Սպանիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը կը մօտենայ 1000-ի, մահացածներուն թիւը 25 է, Եգիպտոսի մէջ ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 43-ի, Գերմանիոյ մէջ` 1112-ի, Հարաւային Քորէայի մէջ` 7478-ի, Զուիցերիոյ մէջ` 374-ի, Նիտըրլանտներու մէջ` 321-ի, Բրիտանիոյ մէջ 319-ի, իսկ Սէուտական Արաբիոյ մէջ 15-ի:

Ալպանիոյ եւ Մոլտովայի մէջ արձանագրուեցան «Քորոնա» ժահրով վարակման առաջին պարագաները, իսկ Գերմանիոյ մէջ առաջին մահը:

Կիպրոսի մէջ արձանագրուեցան վարակման առաջին 2 պարագաները:

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը կը հաղորդէ, որ աշխարհի վրայ «Քորոնա»-ով վարակուածներուն թիւը հասած է 110.034-ի: Վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած են 3610 վարակուածներ եւ 71 մահուան պարագաներ: «Քորոնա» ժահրը տարածուած է աւելի քան 10 երկիրներու մէջ: Նոյն ատեն աշխարհի վրայ աւելի քան 60.000 մարդ բուժուած է այդ հիւանդութենէն:

Սէուտական Արաբիոյ թագաւորը 10 միլիոն տոլար յատկացուց «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին:

Նախորդը

Քարիւղի Ոլորտին Մէջ Ռուսիոյ Դէմ Սէուտական «Պատերազմ». Ծոցի Սակարանները Մեծ Վնասներ Կը Կրեն Քարիւղի Գիներու Անկումին Պատճառով

Յաջորդը

Ռուսիոյ Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը Կը Հաղորդէ. Ահաբեկիչները 24 Ժամուան Ընթացքին 8 Անգամ Խախտած Են Զինադադարը. Թուրքիան Աչք Կը Փակէ

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.