Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ»-ի. Փենթակոնի Հետ Աշխատող Թարգմանիչ Մը Ամբաստանուած Է Հըզպալլային Գաղտնիքներ Փոխանցելու Յանցանքով

March 10, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Իրաքի մէջ ամերիկեան բանակին հետ աշխատող Մինըսոթա նահանգէն ամերիկացի թարգմանիչ մը Հըզպալլային առնչակից լիբանանցի տղամարդու մը փոխանցած է գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններ:

«Էֆ.Պի.Այ.»-ը 61 տարեկան Մարիամ Թահա- Թոմսընը ձերբակալած է 27 փետրուարին արտասահմանի մէջ գտնուող ռազմակայանի մը մէջ, եւ ան անցեալ չորեքշաբթի օր առաջին անգամ ըլլալով կանգնած է Քոլոմպիա գաւառի քրէական դատարանին առջեւ:

Միացեալ Նահանգներու արդարադատութեան նախարարի ազգային անվտանգութեան հարցերով օգնական Ճոն Տիմզ Թոմսընի վարմունքը «ամօթալի» որակած է` նշելով. «Այն կասկածը կայ, թէ պատերազմական շրջանի մէջ գտնուած ատեն ամբաստանեալը արտասահման գտնուող Լիբանանի քաղաքացիի մը փոխանցած է ազգային պաշտպանական նուրբ տեղեկութիւններ, որոնք կը ներառեն Միացեալ Նահանգներուն օժանդակող անձերու անուններ»:

«Եթէ ատիկա հաստատուի, ապա այդ վարմունքը ամօթալի է, մասնաւորաբար Միացեալ Նահանգներու բանակին հետ պայմանագիր կնքածի մը համար: Ան երկրի ու գործընկերներուն նկատմամբ այս դաւաճանութեան համար պիտի պատժուի», աւելցուցած է ան:

Դատախազը իր կարգին յայտնած է, որ այդ լրտեսներուն ինքնութիւնը կառավարութեան մօտ շատ գաղտնի տեղեկութիւններէն են, իսկ օրէնքի կիրարկման պատասխանատուները յայտնած են, թէ Թոմսըն աղբիւրներուն, ինչպէս նաեւ զինուորներուն կեանքերը վտանգած է:

Թոմսըն հետաքննիչներուն առջեւ խոստովանած է, թէ լիբանանցի պատասխանատուի մը փոխանցած է գաղտնի տեղեկութիւններ:

Հետաքննիչները 19 փետրուարին անոր բնակած վայրը խուզարկած են եւ անկողինին տակ յայտնաբերած արաբերէնով լրտեսներուն անունները ընդգրկող թուղթ մը, որ նաեւ կ՛ընդգրկէր Հըզպալլայի առնչակից զինուորական թիրախի մը մասին զգուշացում մը եւ լրտեսներուն հեռաձայններուն հսկելու յանձնարարութիւն մը:

Նախորդը

Սերպիոյ Նախագահին Եւ Քոսովոյի Ղեկավարին Միջեւ Հանդիպում Սպիտակ Տան Մէջ

Յաջորդը

Քըլըճտարօղլու Էրտողանի Դէմ Հինգ Ղրուշի Հայց Ներկայացուցած Է

RelatedPosts

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ  Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ.  «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ  Պատերազմէն Դուրս Գանք»
Գլխաւոր լուրեր

Ներկայացուցիչներու Տան Մէջ Դեմոկրատականներու Ղեկավարը Կը Յայտարարէ. «Պէտք Է Անմիջապէս Իրանի Հետ Պատերազմէն Դուրս Գանք»

November 6, 2026
Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու  Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած  Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Թրամփ Յանձնառու Պիտի Մնայ Պետութիւններու Հովանաւորած Բռնապետութեան Դէմ Պայքարին»

November 6, 2026
Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու  Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը
Գլխաւոր լուրեր

Թուրքիան Կը Մերժէ Իր Մարդու Իրաւունքներու Կացութեան Եւրոպական Միութեան Քննադատութիւնը

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.