Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Եոհան Վատիֆուլ յայտարարեց. «Մօտիկ ապագային Կազայի մէջ կայունութեան ուժի մը պիտի չմասնակցինք»:
Ամերիկացի բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ միջնորդներուն յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութեան երկրորդ փուլը պիտի սկսի յունուարին: Այս մասին հաղորդեց իսրայէլեան պատկերասփիւռի 13-րդ կայանը` յղում կատարելով իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատարի մը:
Սպիտակ տունէն պաշտօնատարներ, նախքան այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնեցին. «Յառաջիկայ ամիս պիտի յայտարարենք Կազայի մէջ Խաղաղութեան խորհուրդի, մասնագէտներու կառավարութեան ու կայունութեան ուժի կազմութիւնը»:
Իսրայէլացի պաշտօնատար մըն ալ պատկերասփիւռի կայանին ըսած է. «Ուիթքոֆ եւ Քուշներ երկրորդ փուլի նկատմամբ Նեթանիահուէն տարբեր դիրքորոշում ունին»:


