Ամերիկացի պատուիրակ Սթիւ Ուիթքոֆ յայտնեց, որ Ֆլորիտա նահանգի Մայամի քաղաքին մէջ Ուքրանիոյ հակամարտութեան լուծման բանակցութիւնները «արդիւնաւէտ ու շինիչ» էին: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը:
«Որեւէ լուծում պէտք չէ մարտական գործողութիւններու դադրեցումով սահմանափակուի, այլ կայուն ապագայի ամուր հիմք դառնայ», ըսաւ ան:
«Ամերիկեան-ուքրանական բանակցութիւնները կեդրոնացան լուծման հոլովոյթին մէջ յառաջիկայ քայլերու ժամկէտներուն եւ փուլերուն վրայ», յայտնեց Ուիթքոֆ` աւելցնելով. «Ուքրանիան արդար ու տեւական խաղաղութեան հաստատման ձեռքբերման նկատմամբ իր յանձնառութիւնը յայտնեց»:
«Միացեալ Նահանգներու եւ Ուքրանիոյ ներկայացուցիչները նաեւ քննարկեցին ապահովական երաշխիքները, զորս Ուաշինկթըն կրնայ Քիեւին տրամադրել, ինչպէս նաեւ յետհակամարտեան շրջանին վերաշինութեան առնչուող հարցեր», նշեց ամերիկացի պատուիրակը:
Ուիթքոֆ նաեւ յայտնեց, որ Ռուսիան տակաւին ամբողջովին յանձնառու է Ուքրանիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման:
Ան աւելցուց, որ Ռուսիան կը գնահատէ ուքրանական հակամարտութիւնը լուծելու եւ համաշխարհային անվտանգութիւնը վերահաստատելու Միացեալ Նահանգներու ջանքերն ու աջակցութիւնը:
Ուիթքոֆ նշեց, որ ռուս պատուիրակը Թրամփի խաղաղութեան ծրագիրը յառաջ մղելու համար Ֆլորիտայի մէջ երկու օր տեւողութեամբ արդիւնաւէտ եւ շինիչ ժողովներ գումարեց:


