Միջազգային

Լիպիոյ Ազգային Բանակը Կը Զգուշացնէ Նաւերն Ու Օդանաւերը Առանց Իրեն Հետ Նախապէս Համակարգելու Լիպիոյ Մօտենալէ

Լիպիոյ Ազգային Բանակը Կը Զգուշացնէ Նաւերն Ու Օդանաւերը Առանց Իրեն Հետ Նախապէս Համակարգելու Լիպիոյ Մօտենալէ

Զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակը զգուշացուց նաւերն ու օդանաւերը առանց իրեն հետ նախապէս համակարգելու լիպիական ծովային եւ օդային տարածքներուն մօտենալէ: Լիպիոյ ազգային բանակի բանբեր Ահմետ Միսմարի շաբաթ օր յայտարարեց, որ պետութիւնները պէտք է իրենց բանակին հետ համակարգեն նախքան իրենց օդանաւերուն եւ նաւերուն Լիպիոյ շրջանային ջուրեր ու օդային տարածք մուտք գործելը: Նշենք, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը հինգշաբթի օր...

«Միջերկրական Ծովու Արեւելեան Հատուածին Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները Կը Խախտեն Մեր Գերիշխան Իրաւունքները Կ՛ըսէ Եգիպտոս

«Միջերկրական Ծովու Արեւելեան Հատուածին Մէջ Թուրքիոյ Գործողութիւնները Կը Խախտեն Մեր Գերիշխան Իրաւունքները Կ՛ըսէ Եգիպտոս

Եգիպտոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հրապարակած է յայտարարութիւն մը` անդրադառնալով Թուրքիոյ կողմէ Միջերկրական ծովու արեւելեան հատուածին մէջ հորատման աշխատանքներու ծիրին մէջ ծրագրուած հետազօտութիւններուն: Յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար կը նշուի, որ Թուրքիոյ այդ գործողութիւնները կը խախտեն Գահիրէի գերիշխան իրաւունքները: Այս մասին կը գրէ թրքական «Կազեթէ Քարընճա» օրաթերթը: «Թուրքիան իր հետազօտութիւններով կ՛ոտնահարէ Եգիպտոսի բացառիկ տնտեսական գօտին եւ կը խախտէ Գահիրէի գերիշխան իրաւունքները», նշուած է...

«Քոնկրեսի Կողմէ Կիպրոսի Զէնքի Մատակարարման  Արգելքի Ջնջումը Վտանգաւոր  Մագլցումի Ճամբան Կը Հարթէ»  Կ՛ըսէ Անգարա

Թուրքիա Ափսոսանք Կը Յայտնէ Քրտական Ուժերու Եւ Ամերիկեան Կազմակերպութեան Մը Միջեւ Կնքուած Քարիւղի Գործարքին Համար

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը արձագանգած է Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերուն եւ ամերիկեան «Տելթա Քրեսընթ Էնըրճի» ընկերութեան միջեւ Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ քարիւղի միացեալ արդիւնահանման եւ վերամշակման վերաբերեալ կնքուած համաձայնագիրին: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Սուրիոյ բնական հարստութիւնները կը պատկանին սուրիացի ժողովուրդին: Մենք ափսոսանք կը յայտնենք, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին այս քայլին, որ կ՛ոտնահարէ միջազգային օրէնքները, Սուրիոյ տարածքային ամբողջականութիւնն ու գերիշխանութիւնը`...

«Ռուսիոյ` Արտաքին Նախայարձակումէն Հրաժարելուն Պարագային, Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Այլեւս Անհրաժեշտ Չեն Ըլլար» Կ՛ըսէ Օ՛Պրայըն

«Ռուսիոյ` Արտաքին Նախայարձակումէն Հրաժարելուն Պարագային, Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Այլեւս Անհրաժեշտ Չեն Ըլլար» Կ՛ըսէ Օ՛Պրայըն

Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները այլեւս անհրաժեշտ պիտի չըլլան, եթէ Մոսկուան «դադրեցնէ արտերկրի մէջ նախայարձակումը եւ դառնայ Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպայի բարեկամ գործընկերը»: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայըն: Օ՛Պրայըն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ թուարկած է այն բազմաթիւ պատժամիջոցները, որոնք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատած է Ռուսիոյ դէմ: «Ռանըլտ Ռիկընի...

Եւրոպական Յանձնաժողովը Կը Կիսէ Թուրքիոյ  Վերաբերեալ Եւրոպական Խորհրդարանի Մտավախութիւնը

Եւրոպական Խորհրդարանի Մէջ Կոչ Ուղղուած Է Պատժամիջոցներ Հաստատելու Ազրպէյճանի Որոշ Պաշտօնատարներու Դէմ

Եւրոպական խորհրդարանին մէջ մեծութեամբ երկրորդ խմբակցութիւնը` «Ընկերվարականներու եւ ժողովրդավարականներու յառաջադէմ դաշինք»-ը կոչ ուղղած է Եւրոպական Միութեան պատժամիջոցներ կիրարկելու ազրպէյճանցի որոշ պաշտօնատարներու դէմ: Այս մասին կը յայտնեն Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի եւրոպական համարկման հարցերու մնայուն յանձնախումբէն: «Հաշուի առնելով Ազրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու առնչուած իրավիճակին լրջութիւնը` Եւրոպական Միութեան կոչ կ՛ուղղենք թիրախաւորուած պատժամիջոցներ հաստատելու ազրպէյճանցի այն պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք պատասխանատու են Ազրպէյճանի մէջ...

Հաֆթար. «Լիպիացիները Պիտի Չընդունին,  Որ Թուրքերը Անգամ Մը  Եւս Իրենց Երկիրը Բռնագրաւեն»

Հաֆթար. «Լիպիացիները Պիտի Չընդունին, Որ Թուրքերը Անգամ Մը Եւս Իրենց Երկիրը Բռնագրաւեն»

Լիպիոյ ազգային բանակի հրամանատար զօր. Խալիֆա Հաֆթար իր բանակի «Թարեք պըն Զայետ» զօրամասին Ատհայի տօնին առթիւ յղած պատգամին մէջ ըսաւ.«Ձեր ժողովուրդը ձեզ կը տեսնեն փրկիչը նախայարձակներէն, որոնք իսլամական կրօնը այս յիմարին (Էրտողանին- «Ա.») պէս աղաւաղեցին»: Ան նշեց, թէ Էրտողան Լիպիա եկած է «իր նախահայրերուն ժառանգը» փնտռելու: «Մենք անոր կ՛ըսենք` նախահայրերուդ ժառանգը քեզի փամփուշտով կը հատուցենք», հաստատեց ան` նշելով, որ լիպիացիները...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու  «Բարձրագոյն Դրան» Մտածելակերպէն

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Թուրքիոյ Կոչ Կ՛ուղղեն Հրաժարելու «Բարձրագոյն Դրան» Մտածելակերպէն

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքարի Լիպիոյ մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու «վնասակար արարքներ»-ուն մասին խօսելէն եւ Ապու Տապին «հաշուետուութեան ենթարկելու» սպառնալէն ետք, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները շաբաթ օր Թուրքիոյ կոչ ուղղեցին` դադրեցնելու արաբական հարցերուն միջամտելէ եւ հրաժարելու «գաղութատիրութեան պատրանքներէն» ու «Բարձրագոյն դրան մտածելակերպէն»: Աքար յայտնած էր.«Ապու Տապին Լիպիոյ եւ Սուրիոյ մէջ վնասակար արարքներ գործեց»` սպառնալով «յարմար վայրի մէջ եւ ժամանակին զայն հաշուետուութեան...

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Գործարկեցին Արաբական Աշխարհի Մէջ  Առաջին Հիւլէական Կայանը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Գործարկեցին Արաբական Աշխարհի Մէջ Առաջին Հիւլէական Կայանը

Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու վարչապետ եւ Տուպայի կառավարիչ Մուհամետ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթումը շաբաթ օր յայտարարեց արաբական աշխարհի մէջ առաջին հիւլէական կայանի` «Պարաքա»¬ի գործարկման մասին: «Այսօր մենք հրապարակաւ կը յայտարարենք արաբական աշխարհի մէջ առաջին խաղաղ հիւլէական հնոցի գործարկման մէջ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու յաջողութեան մասին: Մասնագէտները յաջողած են բեռնել հիւլէական վառելանիւթը, իրականացնել համալիր փորձարկումներ եւ յաջողութեամբ աւարտել գործարկման գործողութիւնը», թուիթըրեան իր էջին...

«Ֆրանսան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրէ`  Ղարաբաղեան Տագնապի Քաղաքական Լուծման Համար»  Կ՛ըսէ Լը Տըրիան

«Ֆրանսան Բոլոր Ջանքերը Պիտի Ներդրէ` Ղարաբաղեան Տագնապի Քաղաքական Լուծման Համար» Կ՛ըսէ Լը Տըրիան

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ լը Տըրիան երկրի խորհրդարանին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտարարած է, թէ Ֆրանսան բոլոր ջանքերը պիտի ներդրէ Ղարաբաղեան տագնապի քաղաքական լուծման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Էլ.Սէ.Փէ.» թուիթըրեան հաշիւը: Նախարարը նշած է, որ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ արձանագրուած վերջին լարուածութիւնը մտահոգութիւն կը ստեղծէ, մանաւանդ որ բախումները տեղի ունեցած են ոչ թէ Արցախի, այլ Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին...

Իրանի Մէջ Հակահայ Ցոյցերու Ընթացքին  Ձերբակալուած Են 15 Ազրպէյճանցիներ

Իրանի Մէջ Հակահայ Ցոյցերու Ընթացքին Ձերբակալուած Են 15 Ազրպէյճանցիներ

Իրանի իշխանութիւնները խիստ կերպով ճնշած են երկրին մէջ հակահայ ցոյցեր կազմակերպած ազրպէյճանցիներու գործողութիւններուն` ձերբակալելով 15 ցուցարարներ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Ինֆոթեքա 24» կայքը: Ցոյցերը կազմակերպուած էին Թեհրանի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատան, Թաւրիզի մէջ Ազրպէյճանի գլխաւոր հիւպատոսութեան առջեւ, ինչպէս նաեւ Ուրմիա քաղաքի Աթա պողոտային մէջ: Հակահայ ցոյցերը դադրեցուած են` ոստիկանութեան եւ Իրանի Յեղափոխութեան պահակագունդի միջամտութեան իբրեւ արդիւնք:

«Ռուսիոյ Հետ Համագործակցութիւնը Օթան-Ի Հետ  Յարաբերութիւններուն Այլընտրանք Չէ»  Կ՛ըսէ Քալըն

«Թուրքիան Ազրպէյճանի Կողքին Է, Անկախ Անկէ Թէ Որոնք Կը Սպառնան Անոր` Հայաստանը, Թէ Ռուսիան» Կ՛ըսէ Քալըն

Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն «Սի.Էն.Էն. Թիւրք»-ին հետ հարցազրոյցի ընթացքին անդրադարձած է Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ նախագահներուն միջեւ վերջին հեռաձայնային զրոյցին: Քալըն նշած է, որ հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին նախագահները քննարկած են Հայաստան-Ազրպէյճան սահմանին վրայ լարուածութիւնը: Հայաստանը բռնագրաւող կոչելով` ան յայտնած է.«Այստեղ բռնագրաւող կողմը Հայաստանն է: Մեր նախագահը մէկ օր առաջ այդ մասին յայտնած է Փութինին: Ան նաեւ ըսած է.«Օգտագործեցէք Հայաստանի հետ...

«Պէտք Է Ընդունինք «Քորոնա»-ին Հետ Գոյակցելու  Գաղափարը, Անիկա Երկար Ժամանակ Մեզի Հետ Պիտի Մնայ»  Ֆրանսայի Առողջապահութեան Նախարար

«Պէտք Է Ընդունինք «Քորոնա»-ին Հետ Գոյակցելու Գաղափարը, Անիկա Երկար Ժամանակ Մեզի Հետ Պիտի Մնայ» Ֆրանսայի Առողջապահութեան Նախարար

Ֆրանսայի առողջապահութեան նախարար Օլիվիէ Վերան նշեց, որ մարդիկ պէտք է ընդունին «Քորոնա»-ին հետ ապրիլ, որովհետեւ շուտով անհետանալիք չէ: «Պէտք է ընդունինք «Քորոնա» ժահրին հետ գոյակցելու գաղափարը եւ այն, թէ համեմատաբար երկար ժամանակ պիտի մնայ մեզի հետ», հաստատեց ան:

Ըստ Էրտողանի Մտերիմ  Թուրք Քաղաքական Գործիչին.  Թուրքիան Կը Նախատեսէ Ռազմակայան  Կառուցել Օմանի Մէջ

Ըստ Էրտողանի Մտերիմ Թուրք Քաղաքական Գործիչին. Թուրքիան Կը Նախատեսէ Ռազմակայան Կառուցել Օմանի Մէջ

Վերջին օրերուն Արաբական Ծոցի երկիրներու բազմաթիւ օգտատէրեր կը խօսին Օմանի մէջ թրքական ռազմակայանի կառուցման մասին: Խօսակցութիւնները սկսած են, երբ թուրք քաղաքական գործիչ Իպրահիմ Քարակիւլ, որ մտերիմ է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին, յայտարարած է, թէ Թուրքիան Օմանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է սուլթանութեան մէջ ռազմակայան կառուցելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տըրեֆըրընս-փարիս» կայքը: «Էրտողան կատարելագործած է իր աշխարհաքաղաքական մտածելակերպը` հզօրացնելով իր վերահսկողութիւնը տարածաշրջանին...

«Իրան-Թուրքիա-Ռուսիա Վեհաժողովը  Ի Շահ Ամբողջ Տարածաշրջանին Է»  Կ՛ըսէ Պաքու

Ազրպէյճան Հայաստանին Զէնքի Մատակարարման Հարցով Իր Մօտ Կը Կանչէ Յորդանանի Դեսպանը

Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Պաքուի մէջ Յորդանանի դեսպան Սամի Ապտալլա Ղոշէն` Ամմանի կողմէ Հայաստանին զէնքի մատակարարման տեղեկութիւններու պատճառով: «Մաստար» կայքը կը տեղեկացնէ, թէ այս մասին կը հաղորդէ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը: Յորդանանի դեսպանը 27 յուլիսին Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ հանդիպում ունեցած է արտաքին գործոց փոխնախարար Արազ Ազիմովի հետ: Հանդիպումի ընթացքին Ազիմով այլ հարցերու կողքին քննարկած...

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Արցախի Տագնապին Մասնակցելու Համար Քաղաքացիներու Հաւաքագրման Լուրերը

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Արցախի Տագնապին Մասնակցելու Համար Քաղաքացիներու Հաւաքագրման Լուրերը

Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանի հետ 27 յուլիսին կայացած հանդիպումին ընթացքին, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլ Պոտնար պաշտօնապէս հերքած է վերջին օրերուն տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուող այն տեղեկութիւնը, թէ Ուքրանիոյ մէջ կը հաւաքագրեն Ուքրանիոյ քաղաքացիները` մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Այս մասին կը հաղորդէ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը: Հայաստանի դեսպանը զրուցակիցին վերստին ներկայացուցած է Ազրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով 12 յուլիսէն...

Թրքական Իշխանամէտ Օրաթերթ Մը Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերականգնելու Իսլամական Խալիֆայութիւնը

Թրքական Իշխանամէտ Օրաթերթ Մը Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերականգնելու Իսլամական Խալիֆայութիւնը

Թրքական իշխանամէտ «Կերչեք Հայաթ» օրաթերթը կոչ ուղղած է վերականգնելու իսլամական խալիֆայութիւնը: Օրաթերթը, որ յայտնի է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի հետ սերտ կապերով եւ մաս կը կազմէ «Ալպայրաք Մետիա Կրուփու» ընկերութեան, 27 յուլիսէն 2 օգոստոս յօդուած հրապարակած է` կողքին վրայ հետեւեալ վերնագրով. «Եթէ ոչ հիմա, ապա ե՞րբ: Եթէ ոչ դուն, ապա ո՞վ: Միաւորուեցէ՛ք յանուն խալիֆայութեան»: Թերթի կողքը ընկերային ցանցի էջին...

Ռուսիա Կովկասի Մէջ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարէ

Ռուսիա Կովկասի Մէջ Լայնածաւալ Ռազմափորձեր Պիտի Կատարէ

Ռուսիոյ զինեալ ուժերը լայնածաւալ ռազմափորձերու կը սկսին Կովկասի մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին Ռուսիոյ ստորաբաժանումները, ինչպէս նաեւ Աբխազիոյ եւ Հարաւային Օսեթիոյ զինուորական ռազմակայանները: Երկկողմանի գումարտակային ռազմափորձերուն պիտի մասնակցին ցամաքային զօրքեր, օդուժ եւ հակաօդային պաշտպանութեան ստորաբաժանումներ, հրետանի, հրասայլեր եւ այլ սպառազինութիւն: Այսպիսով, ռուսական բանակը կը նախապատրաստուի «Կովկաս-2020» լայնածաւալ ռազմափորձերուն:

«Քոսովոյի Եկեղեցիները Կրնան Ենթարկուիլ Ս. Սոֆիայի Ճակատագիրին» Կը  Զգուշացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Սերպիոյ Նախկին Դեսպանը

«Քոսովոյի Եկեղեցիները Կրնան Ենթարկուիլ Ս. Սոֆիայի Ճակատագիրին» Կը Զգուշացնէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի Մէջ Սերպիոյ Նախկին Դեսպանը

Ինքնահռչակ Քոսովոն ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կազմին մէջ ընդգրկելը կրնայ ծայրայեղ բացասական եւ վտանգաւոր հետեւանքներ ունենալ, որովհետեւ այդ ժամանակ Փրիշթինայի իրաւասութիւնը պիտի տարածուի Քոսովոյի եւ Մեթոխիայի սերպական մշակոյթի հնագոյն յուշարձաններուն վրայ: «Ի.Էյ.Տէյլի» կայքը կը հաղորդէ, որ այս կարծիքը յայտնած է ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի մէջ Սերպիոյ նախկին դեսպան Տարքօ Թանասքովիչ: Ան մատնացոյց ըրած է Պոլսոյ Ս. Սոֆիայի տաճարը մզկիթ դարձնելը եւ յիշեցուցած, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց...

«Համոզուած Եմ, Որ Այա Սոֆիան Ըստ Նշանակութեան` Իբրեւ Աղօթքի Վայր Օգտագործելը Կը Գոհացնէ Բոլոր Կրօններու Ներկայացուցիչները» Կ՛ըսէ Էրտողան

«Համոզուած Եմ, Որ Այա Սոֆիան Ըստ Նշանակութեան` Իբրեւ Աղօթքի Վայր Օգտագործելը Կը Գոհացնէ Բոլոր Կրօններու Ներկայացուցիչները» Կ՛ըսէ Էրտողան

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան գնահատած է Ս. Սոֆիան իբրեւ մզկիթ վերաբանալու փաստը` նշելով, որ ատիկա կը գոհացնէ բոլոր կրօններու ներկայացուցիչները: Այս մասին կը գրէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը: «Այա Սոֆիան իբրեւ մզկիթ վերաբանալու որոշումը անգամ մը եւս կ՛ապացուցէ մեր երկրին վճռականութիւնը իր գերիշխան իրաւունքները իրականացնելու գործին մէջ: Ես կը կարծեմ, որ կարիք չկայ քննարկելու, թէ ինչպիսի՛ իրադարձութիւններու բերումով թրքական նուաճման...

Հեռաձայնային Զրոյցի Մը Ընթացքին.  Ապպաս Շնորհաւորած Է Էրտողանը Ս. Սոֆիայի` Իբրեւ Մզկիթ Բացման Համար

Հեռաձայնային Զրոյցի Մը Ընթացքին. Ապպաս Շնորհաւորած Է Էրտողանը Ս. Սոֆիայի` Իբրեւ Մզկիթ Բացման Համար

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահական պալատի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան: Ապպաս շնորհաւորած է Էրտողանը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնած 24 յուլիսին Ս. Սոֆիայի իբրեւ մզկիթ բացման համար: Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկած են շրջանային շարք մը հարցեր, Թուրքիոյ նախագահը...

Page 441 of 884 1 … 440 441 442 … 884

Արխիւներ