Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Կը Հերքէ Արցախի Տագնապին Մասնակցելու Համար Քաղաքացիներու Հաւաքագրման Լուրերը

July 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սէյրանեանի հետ 27 յուլիսին կայացած հանդիպումին ընթացքին, Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլ Պոտնար պաշտօնապէս հերքած է վերջին օրերուն տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուող այն տեղեկութիւնը, թէ Ուքրանիոյ մէջ կը հաւաքագրեն Ուքրանիոյ քաղաքացիները` մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին: Այս մասին կը հաղորդէ Ուքրանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպանատունը:

Հայաստանի դեսպանը զրուցակիցին վերստին ներկայացուցած է Ազրպէյճանի գործողութիւններուն պատճառով 12 յուլիսէն սկսեալ հայ-ազրպէյճանական սահմանի հիւսիս արեւելեան հատուածին մէջ կացութեան լարուածութեան վերաբերեալ ամփոփ տեղեկատուութիւնը եւ կարեւոր նկատած իրադարձութիւններու նկատմամբ միջազգային ընտանիքի հաւասարակշռուած մօտեցումը:

Ուքրանացի բարձրաստիճան դիւանագէտը շնորհակալութիւն յայտնած է դեսպան Սէյրանեանին` Ուքրանիոյ հայ համայնքին ուղղուած զսպուածութիւն ցուցաբերելու եւ սադրանքներու չմատնուելու յորդոր պարունակող ուղերձին համար: Ան աւելցուցած է, որ տարբեր ազգերու ներկայացուցիչներ խաղաղօրէն կ՛ապրին Ուքրանիոյ մէջ, եւ «այսօր խիստ անհրաժեշտ է ապահովել ազգամիջեան խաղաղութեան պահպանումը եւ կանխարգիլել հայ ու ազրպէյճանցի համայնքներուն միջեւ ճակատումը»:

Դեսպանը զրուցակիցին հաղորդած է, որ Ուքրանիոյ հայ համայնքը լարուածութեան սկիզբէն զսպուածութիւն ցոյց տուած է, Ուքրանիոյ հայկական միութեան նախագահը եւ Ուքրանիոյ Հայ առաքելական եկեղեցւոյ հոգեւոր առաջնորդը համապատասխան ուղերձներով դիմած են հայրենակիցներուն:

Կողմերը քննարկած են երկկողմանի օրակարգի արդի հարցեր, ինչպէս նաեւ համաձայնած են ջանքեր գործադրել տնտեսական հարցերով հայ-ուքրանական միացեալ միջկառավարական յանձնախումբի նիստը նախապատրաստելու ուղղութեամբ:

Զրոյցի ընթացքին Ուքրանիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Վասիլ Պոտնար պաշտօնապէս հերքած է վերջին օրերուն տարբեր լրատուամիջոցներու կողմէ տարածուող տեղեկատուութիւնը, թէ Ուքրանիոյ մէջ կը հաւաքագրեն Ուքրանիոյ քաղաքացիները` մասնակցելու համար Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին:

 

 

Նախորդը

Թրքական Իշխանամէտ Օրաթերթ Մը Կոչ Կ՛ուղղէ` Վերականգնելու Իսլամական Խալիֆայութիւնը

Յաջորդը

Ազրպէյճան Հայաստանին Զէնքի Մատակարարման Հարցով Իր Մօտ Կը Կանչէ Յորդանանի Դեսպանը

RelatedPosts

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Յայտարարած Է, Որ Իրան Կը Բանակցի Միացեալ Նահանգներու Հետ

February 2, 2026
Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մասնակցութեամբ Ուքրանիոյ Եւ Ռուսիոյ Բանակցութիւնները Տեղի Պիտի Ունենան Յաջորդ Շաբաթ Ապու Տապիի Մէջ

February 2, 2026
Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլ Հարուածած Է Կազան

February 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.