Ըստ Էրտողանի Մտերիմ Թուրք Քաղաքական Գործիչին. Թուրքիան Կը Նախատեսէ Ռազմակայան Կառուցել Օմանի Մէջ
Վերջին օրերուն Արաբական Ծոցի երկիրներու բազմաթիւ օգտատէրեր կը խօսին Օմանի մէջ թրքական ռազմակայանի կառուցման մասին:
Խօսակցութիւնները սկսած են, երբ թուրք քաղաքական գործիչ Իպրահիմ Քարակիւլ, որ մտերիմ է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանին, յայտարարած է, թէ Թուրքիան Օմանի հետ համաձայնութիւն գոյացուցած է սուլթանութեան մէջ ռազմակայան կառուցելու շուրջ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տըրեֆըրընս-փարիս» կայքը:
«Էրտողան կատարելագործած է իր աշխարհաքաղաքական մտածելակերպը` հզօրացնելով իր վերահսկողութիւնը տարածաշրջանին վրայ: Արդարեւ, ասիկա պիտի ընէ գերիշխելով Կարմիր ծովուն Սոմալի մէջ ռազմակայանի միջոցով եւ այն ծոցին մէջ, ուր Օմանի իշխանութիւններու հետ կը պատրաստուի թրքական ռազմակայան կառուցել` Քաթարէն ետք», «Թուիթըր»¬ի վրայ գրած է Քարակիւլ:
Թուրք ռազմական փորձագէտ Աքար Հաքան իր կարգին հաստատած է, որ Թուրքիան կը պատրաստուի սուլթանութեան մէջ ռազմակայան կառուցելու:
Օմանցի լրագրող Սալեմ Ժահուրիի կարծիքով` Պուրայիմիի մէջ թրքական ռազմակայանի կառուցման մասին լուրերուն նպատակը դրացիներուն հետ Օմանի յարաբերութիւններուն վնասելն է, ինչպէս նաեւ ապակայունացնել երկրի ներքին կեանքը:
Ան, սակայն, աւելցուցած է, որ երկիրը շարք մը պետութիւններու` ներառեալ Թուրքիոյ հետ ռազմավարական համագործակցութիւն ունի: