Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային զրոյց ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Թուրքիոյ նախագահական պալատի հասարակութեան հետ կապերու վարչութեան:
Ապպաս շնորհաւորած է Էրտողանը եւ իր գոհունակութիւնը յայտնած 24 յուլիսին Ս. Սոֆիայի իբրեւ մզկիթ բացման համար:
Հեռաձայնային զրոյցին ընթացքին կողմերը նաեւ քննարկած են շրջանային շարք մը հարցեր, Թուրքիոյ նախագահը վստահեցուցած է, որ պիտի շարունակէ աջակցիլ Պաղեստինին` Իսրայէլի հետ հակամարտութեան ծիրին մէջ: