Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիոյ` Արտաքին Նախայարձակումէն Հրաժարելուն Պարագային, Անոր Դէմ Հաստատուած Պատժամիջոցները Այլեւս Անհրաժեշտ Չեն Ըլլար» Կ՛ըսէ Օ՛Պրայըն

August 4, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները այլեւս անհրաժեշտ պիտի չըլլան, եթէ Մոսկուան «դադրեցնէ արտերկրի մէջ նախայարձակումը եւ դառնայ Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպայի բարեկամ գործընկերը»: Այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցերով խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայըն:

Օ՛Պրայըն «Ուաշինկթըն Փոսթ» օրաթերթին մէջ հրապարակուած իր յօդուածին մէջ թուարկած է այն բազմաթիւ պատժամիջոցները, որոնք Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ հաստատած է Ռուսիոյ դէմ:

«Ռանըլտ Ռիկընի ժամանակներէն ի վեր Միացեալ Նահանգներու ոչ մէկ նախագահ Մոսկուայի դէմ այսքան վճռականութիւն ցուցաբերած է: Նախագահ Թրամփը նախագահ Ռիկընի նման կը ձգտի Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն մէջ հասնելու նոր ուղիի, այնպիսին, որուն մէջ Ռուսիան զերծ պիտի մնայ արտերկրի մէջ նախայարձակումէն եւ պիտի դառնայ Միացեալ Նահանգներու ու Եւրոպայի բարեկամ գործընկերը: Այդպիսի աշխարհի մէջ Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները պէտք պիտի չըլլան, եւ մեր երկիրներուն միջեւ առեւտուրը պիտի ծաղկի: Ռուսերը, ամերիկացիները եւ ամբողջ աշխարհը օգուտ պիտի ստանան այդպիսի յարաբերութիւններէն», գրած է Օ՛Պրայըն:

Խօսելով Ռուսիոյ հետ Միացեալ Նահանգներու հաւանական համագործակցութեան ոլորտներուն մասին` Օ՛Պրայըն նշած է, որ յառաջիկայ ամիսներուն երկու երկիրները կրնան երկխօսութեան սկսիլ ահաբեկչութեան դէմ պայքարի հարցով:

«Թէ՛ Ռուսիան, թէ՛ Միացեալ Նահանգները իրենց տարածքներուն մէջ ծայրայեղականներու յարձակումներու ենթարկուած են: Միացեալ Նահանգներու պաշտօնատարները հաւանաբար յառաջիկայ ամիսներուն այս նիւթով կապի մէջ մտնեն իրենց հետախուզական եւ իրաւապահ մարմիններու ռուս գործընկերներուն հետ», նշած է Թրամփի խորհրդականը:

Բացի ատկէ, ըստ ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարին, Միացեալ Նահանգներ յոյս ունին Ռուսիոյ եւ Չինաստանի հետ համաձայնութիւն գոյացնելու հիւլէական բոլոր սպառազինութիւններու սահմանափակման շուրջ:

Նախորդը

Եւրոպական Խորհրդարանի Մէջ Կոչ Ուղղուած Է Պատժամիջոցներ Հաստատելու Ազրպէյճանի Որոշ Պաշտօնատարներու Դէմ

Յաջորդը

Թուրքիա Ափսոսանք Կը Յայտնէ Քրտական Ուժերու Եւ Ամերիկեան Կազմակերպութեան Մը Միջեւ Կնքուած Քարիւղի Գործարքին Համար

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.