Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մարք Էսփըր յայտարարեց, որ տակաւին չէ յստակացած, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումը «դիտաւորեալ յարձակո՞ւմ էր, թէ՞ արկած»:
Ան նշեց, որ ամերիկեան կառավարութիւնը ամէն ջանք պիտի թափէ լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու համար:
Էսփըր «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Քանդիչ հարց, մարդոց համար կը ցաւիմ»:
«Իրապէս ունինք օդանաւեր, որոնք արդէն պատրաստ են օժանդակութիւնները մատակարարելու, եւ կ՛ուզենք մեր կարելին ընել օգնելու լիբանանցի ժողովուրդին` իր կարիքի ժամուն», աւելցուց ան:
Ինչ կը վերաբերի պայթումի պատճառներուն եւ Թրամփի` զայն յարձակում նկատելուն շուրջ յառաջացած վէճին, Էսփըր ըսաւ. «Վերջնական առումով տակաւին չենք գիտեր»:
«Ինչպէս գիտէք, առաջին օրը, ինչպէս նախագահ Թրամփ ըսաւ, կարծեցինք, թէ թերեւս յարձակում է, եւ մեզմէ ոմանք այն մտածումը ունէին, թէ օրինակի համար, պայթողները Հըզպալլային պատկանող պահ դրուած զէնքեր էին կամ թերեւս Հըզպալլային պատկանող զէնքի արտադրութեան կառոյց մը», նշեց Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը:
Էսփըր քննադատեց կարգ մը լրատուամիջոցներ` առանց նշելու զանոնք, յայտնելով. «Հարցին մասին խօսելով մեկնաբանեցի, թէ ատիկա կը նմանի արկածի, եւ ցաւալի է, որ կարգ մը լրատուամիջոցներ կը փորձեն վարչակարգին մէջ պառակտում յառաջացնել, թերեւս իմ, նախագահին եւ ուրիշներու միջեւ»: Ան աւելցուց, որ այդ լրատուամիջոցներուն ըսածները «պարզապէս ճիշդ չեն»:
«Իրականութեան մէջ, ատիկա մեծ աղէտ է, եւ նախագահի ղեկավարութեան տակ մեր բոլոր ջանքերը պիտի թափենք լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու եւ ճիշդը կատարելու», ըսաւ Փենթակոնի ղեկավարը: