Երէկ Փարիզի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի յատուկ նուիրատուներու «Պէյրութի եւ լիբանանցի ժողովուրդի աջակցութեան խորհրդաժողով»-ը` կազմակերպութեամբ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի եւ հովանաւորութեամբ ՄԱԿ-ին: Փարիզի այս խորհրդաժողովին մասնակցեցան 36 երկիրներ եւ միջազգային կազմակերպութիւններ:
Խորհրդաժողովէն ետք նախագահ Մաքրոնի գրասենեակը յայտարարեց, որ Լիբանանի անմիջական օժանդակութեան համար ստացուած է շուրջ 253 միլիոն եւրոյի (298 միլիոն տոլար) խոստում:
Ֆրանսայի նախագահը տեսաժողովի բացման ընթացքին յայտնեց, որ «մեր դերը լիբանանցի ժողովուրդին կողքին կանգնիլն է»` աւելցնելով. «Պէտք է արագօրէն գործենք, եւ օժանդակութիւնները պէտք է ուղղակիօրէն հասնին գետնի վրայ գտնուող ժողովուրդին… Լիբանանի ապագան խնդրոյ առարկայ է»:
Մաքրոն լիբանանեան իշխանութիւնները յորդորեց «գործի լծուելու երկիրը ընկղմելէն փրկելու եւ ընդառաջելու ձգտումներուն, զորս լիբանանցի ժողովուրդը ներկայիս օրինական կերպով Պէյրութի փողոցներուն մէջ կ՛արտայայտէ»:
«Պէտք է բոլորը լիբանանցի ժողովուրդին օժանդակութիւն տրամադրեն, որովհետեւ Պէյրութի մէջ օգոստոսին պատահած պայթումը երկրաշարժ մըն է, եւ պէտք է Լիբանանին օգնել, որպէսզի քաոսի մէջ չընկղմի», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիբանանի` քաոսի մէջ ընկղմիլը կ՛ազդէ ամբողջ շրջանին վրայ»:
«Պէտք է բոլորս մեր կարելին ընենք, որպէսզի բռնութիւնն ու քաոսը Լիբանանին չտիրեն», նշեց Ֆրանսայի նախագահը` աւելցնելով, որ քաոսը կը կառավարուի կողմերէ, որոնք կ՛ուզեն Լիբանանի եւ շրջանին մէջ կայունութիւնը քայքայել:
«Լիբանանեան իշխանութիւնները պէտք է աշխատանք տանին տագնապին քաղաքական ու տնտեսական լուծման ուղղութեամբ», ըսաւ Մաքրոն:
Ան յայտնեց, որ օժանդակութեան առաջարկը «կը ներառէ աջակցութիւն Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին շուրջ հաւաստի անկախ հետաքննութիւն կատարելու համար»:
«Այն գումարները, որոնք այսօր կը հաւաքուին, պէտք է միայն սկիզբ ըլլան», ընդգծեց Ֆրանսայի նախագահը:
«Իսրայէլ ակնարկեց, որ պատրաստ է Լիբանանին օժանդակելու», ըսաւ Մաքրոն եւ նշեց. «Նախագահ Աունի հետ քննարկեցի բարեկարգումի, փտածութեան դէմ պայքարի եւ ելեւմտական հսկողութեան կարեւորութիւնը»:
Նախագահ Աուն իր խօսքին ընթացքին իր եւ լիբանանցի ժողովուրդին անունով բարձր գնահատեց միջազգային զօրակցութիւնը, որ արտայայտուեցաւ միջազգային ղեկավարներու եւ պատասխանատուներու Լիբանան այցելութեամբ կամ կարեկցանքի եւ վէրքերու դարմանման համար աջակցութեան արտայայտութիւններով հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ, ինչպէս նաեւ եղբայրական ու բարեկամ պետութիւններու կողմէ մարդասիրական ու բժշկական անմիջական օժանդակութիւններու ուղարկումով:
Ան նշեց, որ շարք մը պատասխանատուներ եւ միջազգային փրկարար խումբեր շտապեցին գալ Լիբանան եւ շօշափելիօրէն տեսան տարողութիւնը ողբերգութեան, որ հարուածեց բոլոր մարզերը, մասնաւորաբար անոնք, որոնք նշուած են խորհրդաժողովի հրաւիրագիրին մէջ` առողջապահութեան, կրթութեան, վերակառուցման եւ սննդեղէնի ապահովման մարզերը:
Աուն նշեց. «Քանդուածի վերակառուցումն ու Պէյրութի փայլքին վերականգնումը շատ բանի կը կարօտին, որովհետեւ կարիքները շատ մեծ են, եւ պէտք է աճապարենք զանոնք բաւարարելու մանաւանդ ձմրան եղանակէն առաջ, երբ անտուն մնացած քաղաքացիներուն տառապանքները կ՛աւելնան: Ինչ կը վերաբերի հաստատուելիք նուիրատուութիւններու սնտուկին, ապա կը շեշտեմ, որ պէտք է անոր վարչութիւնը բխի խորհրդաժողովէն»:
«Ժողովուրդիս առջեւ յանձնառութիւն ստանձնեցի արդարութեան հաստատման, որովհետեւ արդարութիւնը միայն կրնայ սգացողներն ու իւրաքանչիւր լիբանանցին մխիթարել, եւ բոլոր անոնք, որոնց պայթումին մեղսակցութիւնը կը փաստուի, պիտի դատուին լիբանանեան օրէնքներուն հիմամբ», ըսաւ նախագահ Աուն:
Լիբանանի նախագահը նաեւ նշեց. «Յանձնառութիւն ստանձնեցի նաեւ փտածութեան դէմ պայքարելու եւ բարեկարգում կատարելու, եւ հակառակ բոլոր արգելքներուն, սկսան շօշափելի քայլերը` նախ եւ առաջ իրաւական հաշուեքննութիւնը, որ միայն մէկ կառոյցով պիտի չսահմանափակուի, այլ պիտի ներառէ բոլոր կառոյցները, եւ այսօր լիովին կը հաւատամ, որ մեր Պէյրութը, ինչպէս ամէն անգամ, ոտքի պիտի կանգնի»:
Քաթարի շէյխ Թամիմ պըն Համատ իշխանը յայտարարեց, որ «խորհրդաժողովի գումարումը կը հաստատէ, որ միջազգային ընտանիքը վճռակամ է ահաւոր պայթումին պատճառով օժանդակելու Լիբանանին»` նշելով. «Լիբանանը չի կրնար այս տագնապը առանձինը յաղթահարել»:
Քաթարի իշխանը յայտարարեց, որ իր երկիրը Լիբանանին օգնելու համար 50 միլիոն տոլար կը տրամադրէ` աւելցնելով. «Միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղենք ելեւմտական անմիջական օժանդակութիւններ տրամադրելու»:
Եւրոպական Միութիւնը եւս յայտարարեց. «Լիբանանին 30 միլիոն եւրօ արժողութեամբ աջակցութիւն պիտի ցուցաբերենք, եւ այդ գումարները պիտի ներկայացնենք ՄԱԿ-ին եւ ոչ կառավարական կազմակերպութիւններուն»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յիշեցուց Միացեալ Նահանգները եւ Լիբանանը իրարու միացնող կապերը` նշելով. «Ամերիկեան օժանդակութիւնները դէպի Լիբանան շարժեցան դէպքէն ետք, որուն նմանը նախապէս չէ տեսնուած»:
«Անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ ո՛վ կը կանգնի Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ արձանագրուած պայթումին ետին եւ ատոր պատճառը, ինչպէս նաեւ պատասխանել այն հարցումին, թէ պայթումը արկա՞ծ էր, թէ՞ ոչ»:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ իր երկիրը կը շարունակէ Ֆրանսայի կողքին աշխատիլ եւ յանձնառու է ներկայ պայմաններուն յաղթահարման համար Լիբանանին օգնելու:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆայսալ պըն Ֆարհան յայտարարեց, որ «Ռիատ Լիբանանի կողքին կը կանգնի»` ընդգծելով «կարեւորութիւնը թափանցիկ ու անկախ հետաքննութեան պայթումին շուրջ, որ տեղի ունեցաւ Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ»:
Պըն Ֆարհան նշեց, որ իր երկիրը առաջին երկիրներէն էր, որ Լիբանանին անմիջական օժանդակութիւն տրամադրեց:
Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը Պէյրութի նաւահանգիստին պայթումը նկատեց «ահաւոր», մասնաւորաբար անոր համար, որ տեղի ունեցաւ Լիբանանի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի եւ տնտեսական ու ելեւմտական զոյգ տագնապներու պայմաններուն մէջ:
Ապտալլա Բ. թագաւորը յայտարարեց, որ Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յառաջիկայ շաբաթ պիտի այցելէ Լիբանան` աւելցնելով, որ իր երկիրը պատրաստ է Լիբանանին օժանդակութիւններու տրամադրման համար աշխարհի համար հանդիպման վայր դառնալու:
Միջին Արեւելքի հարցերով Չինաստանի յատուկ պատուիրակ Ցայ Ճուն յայտարարեց, որ չինական կառավարութիւնը Լիբանանին մէկ միլիոն տոլար արժողութեամբ ելեւմտական անմիջական օժանդակութիւն պիտի տրամադրէ` աջակցելու համար վիրաւորներու դարմանման եւ պայթումէն վնասուածներուն օգնութեան:
Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարեց, որ իր երկիրը ներկայիս փրկարարական աշխատանքներուն կողքին 10 միլիոն եւրօ (11,79 միլիոն տոլար) արժողութեամբ օժանդակութիւն կը խոստանայ:
Խորհրդաժողովի աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութիւնը յայտարարեց. «Միջազգային ընտանիքն ու Լիբանանի ամէնէն սերտ բարեկամներն ու գործընկերները լիբանանցի ժողովուրդը յուսախաբ պիտի չընեն»: Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Պէյրութի պայթումը ցնցում մըն էր ամբողջ լիբանանցի ժողովուրդին, անոր բարեկամներուն եւ արտասահմանի գործընկերներուն համար:
Հաղորդագրութիւնը աւելցուց, որ խորհրդաժողովին մասնակիցները որոշած են վճռական ու միասնական կերպով աշխատելու Պէյրութին ու լիբանանցի ժողովուրդին օգնելու` յաղթահարելու 4 օգոստոսի ողբերգութիւնը, եւ համաձայնեցան յառաջիկայ օրերուն ու շաբաթներուն նկատառելի աղբիւրներ զօրաշարժի ենթարկելու` Պէյրութի եւ լիբանանցի ժողովուրդին անմիջական կարիքները բաւարարելու համար:
«Գործընկերները պատրաստ են Լիբանանի տնտեսական եւ ելեւմտական վերականգնման, ինչ որ կայունութեան իրագործման ռազմավարութեան ծիրին մէջ կը պահանջէ լիբանանեան իշխանութիւններուն ամբողջական յանձնառութիւնը` արագօրէն միջոցառումներն ու բարեկարգումները կատարելու», նշուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Խորհրդաժողովին մասնակիցները նաեւ համաձայնեցան, որ իրենց օժանդակութիւնները ըլլան արագ, բաւարար եւ լիբանանցի ժողովուրդի կարիքներուն համահունչ, ինչպէս նաեւ համակարգուած` ՄԱԿ-ի ղեկավարութեան տակ, եւ ուղղակիօրէն լիբանանցի ժողովուրդին յանձնուին` բարձր մակարդակի ազդուութեամբ ու թափանցիկութեամբ:
Հաղորդագրութիւնը յայտնեց. «Հիմնուելով 4 օգոստոսի պայթումին շուրջ չէզոք, հաւաստի եւ անկախ հետաքննութեան օժանդակելու Լիբանանի խնդրանքին վրայ, գոյացաւ անմիջական կարիք մը, որ ապահովուած է»:
Միւս կողմէ, Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի Լիբանանի մէջ «տարբեր դիրքերու վրայ գտնուող անկեղծ հայրենասէրներուն» կոչ ուղղեց` «իրարու թեւ-թիկունք կանգնելու եւ իրենց հայրենիքը զերծ կացուցելու շրջանային պարանաձգութիւններէն ու տագնապներէն»:
Ան լիբանանցիներուն կոչ ուղղեց` «իրենց ջանքերը կեդրոնացնելու լիբանանեան ազգային պետութեան կառոյցներու հզօրացման եւ լիբանանցի ժողովուրդի ձգտումներուն բաւարարման վրայ»:
Եգիպտոսի նախագահի բանբեր Պասսամ Ռատի նշեց. «Սիսի այսօր տեսակապի ճամբով մասնակցեցաւ Լիբանանի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովին, որ կազմակերպուած էր Ֆրանսայի եւ ՄԱԿ-ի կողմէ, եւ որուն կը մասնակցէին շարք մը պետութիւններու եւ կառավարութիւններու ղեկավարներ»:
Նշենք, որ ՄԱԿ-ի գնահատման համաձայն Լիբանանի մէջ միայն առողջապահութեան մարզի կարիքները կը գնահատուին 85 միլիոն տոլարով: Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան բանբերը իր կարգին յայտնած էր, թէ հիւանդանոցներուն հասած վնասները երկրին տրամադրութեան տակ եղող անկողինները նուազեցուցած են 500-ով:
Ֆրանչիսկոս պապը երէկ յայտնեց. «Դարձեալ կ՛աղօթենք Լիբանանի համար, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ ու բոլոր անկեղծներուն մասնակցութեամբ վերածնի անոր` տարբեր մշակոյթներու հանդիպման պտուղ, ազատ եւ ուժեղ իւրայատուկ ինքնութիւնը»: