Խօսելով Պէյրութի Պայթումին Մասին` «Շնորհակալութիւն Այս Տօնախմբութիւնը Կազմակերպած Հերոսներուն» Կ՛ըսէ Իսրայէլացի Քաղաքական Գործիչը
Իսրայէլեան աջակողմեան Զեհութ (Ինքնութիւն) կուսակցութեան նախագահ եւ երկրի խորհրդարանի նախկին փոխնախագահ Մոշէ Ֆեկլին անդրադարձած է Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ բազմաթիւ զոհերու եւ աւերի պատճառ դարձած պայթումին: Այս մասին կը հաղորդէ «Եուրոնիուզ»-ի թրքական ծառայութիւնը:
«Սիրահարներու տօնին պատուին (հրէական օրացոյցին մէջ 4-5 օգոստոսին) Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ հրաշալի օդային հրավառութեան ցուցադրութեան ականատես եղանք… տեսած մեծագոյն պայթումս 2,5 թոն թրոթիլային պայթումն էր: Պէյրութինը ատկէ աւելի մեծ էր, փոքրիկ հիւլէական ռումբի ազդեցութիւն ունէր: Շնորհակալութիւն կը յայտնենք այս հրաշալի տօնախմբութիւնը կազմակերպած իսկական հերոսներուն», նշած է հրեայ գործիչը:
Share This Article
CATEGORIES Միջազգային