Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին ընթացքին դատապարտած է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններն ու Պահրէյնը Իսրայէլի հետ համաձայնագիրներ ստորագրելնուն համար` զանոնք «համագործակիցներ» կոչելով: Այս մասին կը հաղորդէ իսրայէլեան «Ճերուզալեմ Փոսթ» օրաթերթը:
Ան մասնաւորաբար նշած է. «Կեղտոտ ձեռքը, որ կը համարձակի դպնալ Երուսաղէմի պարկեշտութեան, ուր երեք հիմնական կրօններ կ՛ապրին, գերազանցած է լկտիութիւնը»:
Էրտողան Իսրայէլը մեղադրած է «համագործակիցներու միջոցով ամրոցը ներսէն գրաւելու փորձի մէջ»:
Թուրքիոյ նախագահի խօսքին ընթացքին ՄԱԿ-ի մէջ Իսրայէլի դեսպան Կիլատ Էրտան լքած է դահլիճը: Ան Էրտողանը մեղադրած է հակասեմականութեան յանցանքով` յայտարարելով, որ Թուրքիոյ նախագահը «կը շարունակէ իր սուտերն ու հակասեմական յայտարարութիւնները Իսրայէլի դէմ, եւ կարեւոր է, որ աշխարհը իմանայ այն երկակի չափանիշները, որոնցմով ան կ՛ապրի»:
Թրքական «Հիւրրիեթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Թուրքիոյ նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է, թէ «Թուրքիան պիտի չաջակցի պաղեստինցիներու շահերը ոտնահարող որեւէ ծրագիրի», «անձնատուութեան արարք» կոչած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի մշակած «Դարու գործարք» անունով իսրայէլամէտ պայմանագիրը եւ նշած, որ պաղեստինեան հարցը կրնայ լուծուիլ միայն Արեւելեան Երուսաղէմ մայրաքաղաքով անկախ Պաղեստինի պետութեան ստեղծումով` 1967 թուականին գոյութիւն ունեցած սահմաններուն համաձայն: