Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պատասխանելով Սալման Թագաւորին` «Ուաշինկթընի Աջակցութիւնը Որեւէ Արդիւնք Պիտի Չտայ» Կ՛ըսէ Թեհրան

September 25, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտնեց. «Սէուտական Արաբիան, որ հաւատադրժողական ահաբեկչական խմբաւորումներու գաղափարախօսութեան հիմն ու արմատը, ինչպէս նաեւ շրջանին մէջ ահաբեկչութեան գլխաւոր ելեւմտական ու գումակային աջակիցն է, տարիներէ ի վեր իրականութիւններէ փախուստ տալու եւ իր ոճիրներուն պատասխանատուութիւնը չստանձնելու քաղաքականութիւն կը վարէ»:

Խաթիպզատէ յայտնեց. «Սէուտական վարչակարգին` Իրանի վրայ առաւելագոյն ճնշումի ձախող քաղաքականութիւնը շարունակելու մէջ Միացեալ Նահանգներու հետ ընթանալն ու աջակցիլը, բռնագրաւող սիոնական գոյացութեան հետ յարաբերութիւնները ամրապնդելու փորձը եւ այդ երկրին զաւակներուն գրպաններէն ուրիշներուն միլիառաւոր տոլարներ վճարելը արդիւնքի պիտի չհասցնէ, այլ անոնք Սէուտական Արաբիան վերածեցին արաբական երկիրներուն մէջ համեստ երկրի»:

«Սէուտական Արաբիան ահաբեկչական ու հաւատադրժողական խմբաւորումներուն կեդրոնատեղին ու ապաստանարանն է», նշեց նախարարութիւնը` աւելցնելով. «Եմէնի մէջ Սէուտական Արաբիոյ մարտական եւ քաղաքական իրերայաջորդ պարտութիւնները զայն մղեցին Իրանի դէմ զառանցելու»:

Պատասխանելով Սալման թագաւորին Թեհրանի նկատմամբ կեցուածքներուն` Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնեց. «Ռիատի` Իրանի դէմ Ուաշինկթընին աջակցիլը Սէուտական Արաբիոյ համար որեւէ արդիւնքի պիտի չհասնի, այլ զայն պիտի վերածէ արաբական երկիրներուն մէջ նուաստ արարածի»:

Սէուտական Արաբիոյ Սալման թագաւորը մէկ օր առաջի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին իր ուղղած խօսքին մէջ պահանջած էր «Իրանի վրայ միջազգային ճնշումները աւելցնել»` նշելով. «Պիտի չտատամսինք թագաւորութիւնը պաշտպանելու եւ պիտի չլքենք եմէնցի ժողովուրդը, մինչեւ որ ձերբազատուի իրանեան տիրապետութենէն»:

 

 

Նախորդը

«Միացեալ Նահանգներ Չեն Կրնար Լուքաշենքոն Պիելոռուսիոյ Օրինական Ընտրուած Նախագահ Նկատել» Կ՛ըսէ Ուաշինկթըն

Յաջորդը

Պաքու Զախարովայի «Նկատողութենէն» Ետք Խմբագրած Է Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերեալ Լաւրովի Պատասխանը

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.