Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշելով, Որ Թուրքիա Իր Այցելութիւնը Յետաձգուած Է Եւ Ոչ Թէ Ջնջուած. Թուրք-Իրանեան Համագործակցութիւնը Կը Շարունակուի` Դիմակայելու Համար Քաթարի Պաշարումը

September 25, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ «Սփութնիք»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց, որ Թուրքիա իր այցելութիւնը չէ ջնջուած, ինչպէս նախապէս լրատուամիջոցներ հաղորդած էին, այլ յետաձգուած է, ինչպէս նաեւ նախատեսուած հանդիպումը միայն Թեհրանի եւ Անգարայի միջեւ էր:

«Այն, ինչ որ տեղի պիտի ունենար, երկկողմանի հանդիպումի համար Թուրքիա այցելութիւն մըն է, որ մեր մօտ գոյութիւն ունեցող արգելքներուն պատճառով յետաձգուեցաւ եւ ոչ թէ ջնջուեցաւ… ինչպէս նաեւ յետաձգուեցաւ Պոլսոյ մէջ իրանեան հիւպատոսարան բանալու ծրագիրը», ըսաւ Զարիֆ:

«Քաթարցիներուն հետ երկկողմանի շատ լաւ յարաբերութիւն ունինք եւ լրջօրէն պիտի շարունակենք այդ յարաբերութիւնը», աւելցուց ան:

Ինչ կը վերաբերի Քաթար-Թուրքիա-Իրան եռակողմանի որեւէ գործակցութեան կարելիութեան, Զարիֆ ըսաւ, որ Թեհրան կը շարունակէ գործակցութեան քաղաքականութիւնը:

«Թուրքիոյ հետ մեր եռակողմանի գործակցութեան հիմը Քաթարի դէմ Սէուտական Արաբիոյ եւ երեք միւս պետութիւններուն կողմէ հաստատուած պատժամիջոցներուն մեղմացումն է, եւ պիտի շարունակենք Թուրքիոյ հետ այդ ուղղութեամբ գործակցութիւնը», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը:

Ան նշեց, որ Իրան այդ գործակցութեան ծիրին մէջ «իր նաւահանգիստները կը դնէ թուրքերուն տրամադրութեան տակ: Մեր երկինքը դրինք թուրքերուն եւ քաթարցիներուն տրամադրութեան տակ, եւ ասիկա բարեկամական քայլ մըն է, եւ մենք Քաթարի մէջ մեր բարեկամներուն հետ միշտ պատրաստ ենք ամրապնդելու բարի դրացնութեան յարաբերութիւնը»:

Զարիֆ նաեւ յայտնեց. «Թուրքիան Սուրիոյ եւ Իրաքի պէս շրջաններու մէջ իր ներկայութեամբ չի նպաստեր իր անվտանգութեան պաշտպանութեան, այլ կը վնասէ շրջանային անվտանգութեան»:

 

 

Նախորդը

Պաքու Զախարովայի «Նկատողութենէն» Ետք Խմբագրած Է Ղարաբաղեան Տագնապին Վերաբերեալ Լաւրովի Պատասխանը

Յաջորդը

Լուիզվիլլի Մէջ Ցոյցի Ընթացքին Կրակոց. Վիրաւորուած Են 2 Ոստիկաններ

RelatedPosts

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման  Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի  Եւ Շարք Մը Միջազգային  Ղեկավարներու Ներկայութեան
Գլխաւոր լուրեր

Խաղաղութեան Խորհուրդի Հաստատման Կանոնադրութեան Ստորագրութիւն` Թրամփի Եւ Շարք Մը Միջազգային Ղեկավարներու Ներկայութեան

January 23, 2026
Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան  Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ  Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան  Երաշխիքները
Գլխաւոր լուրեր

Տաւոսի Մէջ Ուքրանական Պատուիրակութեան Եւ Ամերիկացի Պատուիրակներու Միջեւ Հանդիպում. Քննարկուած Են Անվտանգութեան Երաշխիքները

January 23, 2026
Անդրադառնալով Իրանի Վրայ  Յարձակումի Կարելիութեան`  Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են,  Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»
Միջազգային

Անդրադառնալով Իրանի Վրայ Յարձակումի Կարելիութեան` Հաքըպի. «Բոլոր Ընտրանքները Սեղանի Վրայ Են, Եւ Թրամփ Պիտի Յարգէ Իր Խոստումը»

January 23, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.