Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՊԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղարի Յայտարարութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանի Վերջին Յարձակումներուն Վերաբերեալ

September 29, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան (ԱՊԿ) ընդհանուր քարտուղար Լուիս Ալմակրօ յայտարարութիւն հրապարակած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ Ազրպէյճանի վերջին զինուորական յարձակումներուն վերաբերեալ:

Յայտարարութեան մէջ կը նշուի.

«Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարը խստօրէն կը դատապարտէ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցած` Ազրպէյճանի զինուորական յարձակումը, որ ուղղակիօրէն կ՛անտեսէ ՄԱԿ-ի` տագնապներու խաղաղ լուծման հասնելու, ինչպէս նաեւ երկարատեւ խաղաղութիւն ու կայունութիւն խթանելու կոչերը:

«Աւելի՛ն. մենք Ազրպէյճանին կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, յատկապէս` խաղաղ բնակչութեան դէմ ուղղուած գործողութիւնները:

«Արդէն նշեցինք, որ իբրեւ զինուորական թիրախ, խաղաղ բնակչութեան վրայ յարձակման գործելաոճը պէտք է ոչնչացուի, եւ որ անիկա զինուած բախումը կարգաւորող հիմնական կանոններու լիակատար խախտում է:

«Ամերիկեան պետութիւններու կազմակերպութեան ընդհանուր քարտուղարութիւնը կը վերահաստատէ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) Մինսքի խմբակի ղեկավարած բանակցային հոլովոյթի փրկութեան եւ վերագործարկման անհրաժեշտութիւնը եւ կ՛ընդգծէ, որ այս տագնապը կրնայ լուծուիլ միայն բանակցային հոլովոյթի միջոցով` միջազգային իրաւունքի եւ 1975 թուականի Հելսինքեան համաձայնագիրներուն մէջ հաստատուած սկզբունքներուն հիման վրայ:

«Նոյնքան կարեւոր է, որ մենք արտաքին ուժերուն կոչ կ՛ուղղենք զերծ մնալ զինեալ տագնապին միջամտելէ` ճգնաժամը սրելու նպատակով:

«Մենք մեր լիակատար աջակցութիւնը կը յայտնենք Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին եւ մեր անկեղծ ցաւակցութիւնը` ազրպէյճանական եւ հայկական ուժերուն միջեւ բռնի բախումներու զոհերուն»:

Նախորդը

ԵԽԽՎ-ի Մէջ Կիպրոսի Պատուիրակութեան Ղեկավարը Կը Զօրակցի «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ազրպէյճանական Ուժերու Կողմէ Յարձակումի Ենթարկուող» Հայ Ժողովուրդին

Յաջորդը

Մաքրոն Ալիեւի Հետ Հեռաձայնային Հաղորդակցութեան Ընթացքին Կարեւոր Նկատած Է Տագնապին` Բանակցութիւններու Միջոցով Լուծումը

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.