ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղարի Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմս Ափաթուրայ ուղերձ յղած է ղարաբաղեան¬ազրպէյճանական շփման գիծին մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ այս մասին նշուած է ՕԹԱՆ-ի պաշտօնական կայքին վրայ:
«ՕԹԱՆ խորապէս մտահոգ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին շփման գիծի ամբողջ երկայնքով լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններուն վերաբերող հաղորդագրութիւններով:
«Կողմերը պէտք է անյապաղ դադրեցնեն զինուորական գործողութիւնները, որոնք արդէն պատճառ դարձած են քաղաքացիներու մահուան: Այս տագնապը զինուորական լուծում չունի: Կողմերը պէտք է վերսկսին բանակցութիւններու` խաղաղ լուծման հասնելու համար: ՕԹԱՆ կ՛աջակցի ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն», նշած է Ափաթուրայ:



