Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն իր նախաձեռնութեամբ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Հաքքին» կայքը:
Կը նշուի, թէ Մաքրոն յայտնած է, որ Ֆրանսան մտահոգ է հայ-ազրպէյճանական շփման գիծին վրայ զինեալ տագնապով եւ կարեւոր նկատած է բանակցութիւններու միջոցով տագնապին լուծումը:
Ալիեւ իր կարգին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի շփման գօտիին մէջ տիրող լայնածաւալ զինուորական գործողութիւններու համար մեղադրած է Հայաստանը: