Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Եւրոպական Միութիւնը Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները, Իսկ Թուրքիոյ` Չխառնուելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

October 3, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին եւրոպական երկիրներու ղեկավարները կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Թուրքիոյ կոչ ուղղած են չմիջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ կառուցողական դեր ստանձնելու իրավիճակի լարուածութեան մեղմացման համար:

«Այո՛, ամէն մէկը պէտք է կառուցողական դեր խաղայ, որպէսզի նպաստէ լարուածութեան մեղմացման: Մենք կ՛ուզենք, որ արտաքին միջամտութիւնը դադրեցուի, ատիկա կը բարդացնէ իրավիճակը», յայտարարած է Միշել:

Վեհաժողովի տարածած յայտարարութեան համաձայն, Եւրոպական խորհուրդը կոչ կ՛ուղղէ` անմիջապէս դադրեցնելու կրակոցը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ, եւ վճռականօրէն կողմերը կը յորդորէ իրենց հաւատարմութիւնը յայտնել կրակոցի դադրեցման եւ տագնապի խաղաղ լուծման:

«Մարդկային կորուստները, քաղաքային բնակչութեան շրջանակի մէջ զոհերը անընդունելի են: Ո՛չ տագնապի զինուորական լուծում, ո՛չ ալ` որեւէ արտաքին միջամտութիւն կրնայ ըլլալ: Հայաստանն ու Ազրպէյճանը պէտք է առարկայական բանակցութիւններու սկսին առանց նախապայմաններու: Եւրոպական խորհուրդը իր աջակցութիւնը կը յայտնէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն եւ կը խնդրէ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատարէն յստակացնել լուծման հոլովոյթին մէջ Եւրոպական Միութեան հետագայ աջակցութեան հեռանկարները», նշուած է վեհաժողովէն ետք հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ:

Նախորդը

Լիբանանեան Եւ Արաբական Հանրային Կարծիքը Կը Շարունակէ Զօրակցիլ Արցախի Գոյամարտին Եւ Հայ Ժողովուրդին

Յաջորդը

«Հայ Զինուորին» Համար

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.