Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

3 Ռումբեր Ինկած Են Իրանի Մէջ. Երեխայ Մը Վիրաւորուած Է

Հոկտեմբեր 2, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանեան «Անաժ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեք ռումբեր ինկած են Իրանի Խոտաֆարարա շրջանի Փարվիզխանլու գիւղին մէջ: Այս պատճառով երեխայ մը վիրաւորուած է եւ վեց բնակարաններ վնասուած:

Նախապէս Թեհրան զգուշացուցած էր, թէ Արցախ¬Ազրպէյճան տագնապի գօտիէն ոչ իսկ մէկ ռումբ պէտք է իյնայ Իրանի մէջ:

Նշենք, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ազրպէյճանական կողմէն արձակուած ռումբեր կ՛իյնան Իրանի մէջ:

«Ճէոփոլիթիքս.նիուզ» կայքին տուեալներով` Իրանի` Ազրպէյճանի հետ սահմանէն դէպի հարաւ գտնուող Արտեպիլ նահանգին մէջ երկրի հակաօդային պաշտպանութեան ուժերը օտար անօդաչու թռչող սարք խոցած են, որովհետեւ անիկա մուտք գործած էր Իրանի օդային սահման:

Նախքան այս, Իրանի օդային պաշտպանութեան ուժերը անօդաչու թռչող սարք խոցած էին  Արեւելեան Ազրպէյճան նահանգի Մալեքան քաղաքին վերեւ:

Թէեւ Իրան որեւէ երկրի չէ մեղադրած օդային սահմանի խախտումներուն համար, բայց եւ այնպէս, սարքերու խոցումը կը վկայէ, որ Թեհրան պիտի չհանդուրժէ նման արարքներ:

Մինչ այդ, թրքական իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթը` յղում կատարելով Իրանեան մարդկային իրաւանց գործիչներու լրատու գործակալութեան հաղորդեց, որ իրանեան իշխանութիւնները չորեքշաբթի օր առնուազն 11 «ազրպէյճանամէտ» ցուցարարներ ձերբակալած են:

Ոստիկանները արցունքաբեր կազ օգտագործած են ցրուելու համար Արտապիլ քաղաքին մէջ Ազրպէյճանին զօրակցելու համար պուրակի մը մէջ հաւաքուած ցուցարարները` ձերբակալելով անոնցմէ առնուազն 11-ը եւ վիրաւորելով երեք ուրիշներ:

Միւս կողմէ, Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր կարգին հաղորդեց, որ երէկ տագնապի գօտիի հարաւային հատուածին մէջ` Վարազաթումբ (Լելէ Թեփէ) տարածքին մէջ պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խոցած են ազրպէյճանական մարտական ուղղաթիռ մը, որ ինկած է Իրանի տարածքին մէջ:

Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ դէպքը իր մէջ որեւէ միտումնաւորութիւն չի պարունակեր, եւ որովհետեւ Ազրպէյճանի շղթայազերծած մարտական գործողութիւնները կ՛ընթանան Իրանի իսլամական հանրապետութեան սահմանին շատ մօտ, դժբախտաբար, նման դէպքերը անխուսափելի են:

Նախորդը

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Երկխօսութիւնը Ուղղուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակէն Ելք Գտնելուն» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Յաջորդը

«Ֆրանսան Փաստեր Ունի, Որ Թուրքիայէն Սուրիացի Իսլամականներ Կը Մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտական Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Մաքրոն

RelatedPosts

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իսրայէլ Մէկ Խօսքովս Կրնայ Կազայի Մէջ Կռիւը Շարունակել, Եթէ Համաս Զինադադարի Համաձայնութիւնը Չյարգէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»
Միջազգային

Թրամփ. «Հնդկաստանի Վարչապետը Յայտնեց, Թէ Իր Երկիրը Ռուսական Քարիւղ Պիտի Չգնէ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»
Միջազգային

Քրեմլին. «Փութինի Սուրիա Այցելութիւնը Երէկուան Բանակցութիւններուն Ընթացքին Չքննարկուեցաւ»

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?