Ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յղում կատարելով Քրեմլինին:
Փութին Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման առնչութեամբ եւ ընդգծած է, որ բացի քաղաքական-դիւանագիտական ուղիէն, տագնապը այլ լուծում չունի:
«Վլատիմիր Փութինն ու Էմանուէլ Մաքրոնը հակամարտող կողմերուն կրակոցի անյապաղ եւ ամբողջական դադրեցման, լարուածութեան թուլացման եւ առաւելագոյն զսպուածութիւն ցուցաբերելու կոչ ուղղած են», կը նշուի Քրեմլինի պաշտօնական հաղորդագրութեան մէջ: