Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ռուսիան Սահմանային Կարգաւորման Հարցին Մէջ Պիտի Օգնէ Երեւանին Ու Պաքուին, Եթէ Երկուստեք Խնդրեն» Կ՛ըսէ Ռուտենքօ

May 19, 2021
| Newsletter, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիան Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին ներկայ լարուածութեան կարգաւորման հարցին մէջ օգնութիւն պիտի ցուցաբերէ, եթէ երկու պետութիւններէն ալ նման խնդրանք ստանայ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին լրագրողներուն յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Անտրէյ Ռուտենքօ:

«Ասիկա բնական իրավիճակ է, երբ նման կացութեան մէջ գտնուող կողմերը մեզի կը դիմեն օգնութեան, համագործակցութեան, միջնորդութեան համար, մանաւանդ որ մենք փորձառութիւն ունինք 9 նոյեմբերի եւ 11 յունուարի յայտարարութիւնները մշակելու ծիրին մէջ: Այդ իսկ պատճառով, եթէ բոլոր մասնակիցներուն, եւ ոչ թէ միայն կողմերէն ոեւէ մէկուն կողմէ, նկատի ունիմ Ազրպէյճանէն եւ Հայաստանէն, նման դիմում գայ, ապա մենք պատրաստ պիտի ըլլանք տրամադրելու այն օժանդակութիւնը, որ կարող ենք», ըսած է ան` պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի հարցումին:

Ռուտենքօ ըսած է, որ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) անդամ պետութիւններու արտաքին գործոց նախարարները 19 մայիսին Տուշանպէի մէջ պիտի քննարկեն հայ-ազրպէյճանական սահմանին վրայ տիրող լարուածութիւնը:

«Արտաքին գործոց նախարարները Տուշանպէի մէջ կը հաւաքուին` քննարկելու համար օրակարգի բոլոր հարցերը: Չեմ բացառեր, որ այդ հարցը պիտի քննարկուի այնտեղ», ըսած է ան` աւելցնելով. «Կը կարծեմ, որ հիմնական քննարկումը տեղի պիտի ունենայ Տուշանպէի մէջ` նախարարներու հանդիպման ծիրին մէջ»:

 

Նախորդը

«Ռուսիան Մնայուն Կապի Մէջ Է Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Հետ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանէն Պիտի Պահանջէ Իր Ուժերը Հեռացնել Հայաստանի Տարածքէն» Կ՛ըսէ Սալիվըն

RelatedPosts

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական  Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի  Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլեան Ընտրութիւններու Վերջնական Արդիւնքը Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Չորեքշաբթի Օր

October 30, 2026
Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի
Գլխաւոր լուրեր

Վանս Նամակ Յղած Է Ռիտայիի

October 30, 2026
Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է  Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել
Գլխաւոր լուրեր

Սէուտական Արաբիան Թուրքիոյ Առաջարկած Է Իր Տարածքին Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.