Միացեալ Նահանգներու իշխանութիւնները պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի լուծման համար պիտի շարունակեն բանակցութիւններ վարել Իսրայէլի, Պաղեստինի եւ շրջանին մէջ իրենց գործընկերներուն հետ: Այս մասին նշուած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի` Ֆիթրի տօնին առիթով հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ:
«Իմ վարչակազմս մտադիր է շարունակել փոխադարձ գործակցութիւնը պաղեստինցիներու, իսրայէլացիներու եւ շրջանի այլ գործընկերներու հետ` շրջանին մէջ կայունութեան հասնելու համար: Մենք նաեւ կը կարծենք, որ պաղեստինցիները եւ իսրայէլացիները հաւասարապէս արժանի են օգտուելու ազատութեան, բարգաւաճման եւ ժողովրդավարութեան իրաւունքէն», նշած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Իսրայէլի, Այսրյորդանանի եւ Կազայի մէջ արձանագրուած բռնարարքներու հարցը քննարկած է Քաթարի, Եգիպտոսի եւ Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ:
Մէկ օր առաջ հաղորդուած էր, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ շաբաթ օր հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին «խոր մտահոգութիւն» յայտնած է Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ «բռնարարքներ»-ու նկատմամբ:
Սպիտակ տան հրապարակած հաղորդագրութեան համաձայն, Պայտըն «իր մեծ զօրակցութիւնը» յայտնած է «Համասի եւ պաղեստինեան այլ խմբաւորումներու յարձակումներէն ինքզինք պաշտպանելու Իսրայէլի իրաւունքին»:
Սպիտակ տան ղեկավարը «դատապարտեց իսրայէլեան քաղաքներուն դէմ անկանոն յարձակումները»:
Պայտըն իր խոր յանձնառութիւնը յայտնած է բանակցութիւններու ճամբով «երկու պետութիւններ» լուծումին` զայն նկատելով պաղեստինեւիսրայէլեան տագնապի արդար եւ մնայուն լուծման լաւագոյն ուղին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ իր մտահոգութիւնը յայտնած է լրագրողներու անվտանգութեան եւ ապահովութեան նկատմամբ` նկատի ունենալով, որ իսրայէլեան օդանաւեր Կազայի մէջ հարուածելով գետնի հաւասար դարձուցած էին «Ժալա» երկնաքերը, ուր կը գտնուին ամերիկեան «Էսոշիէյթըտ Փրես» լրատու գործակալութեան եւ այլ լրատուամիջոցներու գրասենեակները:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթին իր կարգին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Պենի Կանցի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին վերահաստատած է «Իսրայէլի` ինքզինք պաշտպանելու իրաւունքը»:
Սպիտակ տունը այլ հաղորդագրութեամբ մը յայտնեց, որ Պայտըն նոյնպիսի զրոյց մը ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ եւ ընդգծած պաղեստինեան Համաս շարժումի` Իսրայէլի վրայ հրթիռարձակումները դադրեցնելու կարեւորութիւնը: Ասիկա Սպիտակ տուն մուտք գործելէն ի վեր անոր Ապպասի հետ առաջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւնն էր:
Պայտըն վերահաստատած է «ամերիկեան յանձնառութիւնը ամրապնդելու պաղեստինցիներուն հետ գործընկերութիւնը, որ մեծապէս վատթարացաւ նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփի ժամանակաշրջանին»:
Ան նաեւ յայտնած է, որ պաղեստինցիներուն յատկացուած ամերիկեան օժանդակութիւնները, որոնք Թրամփի շրջանին դադրած էին, ապրիլին վերականգնուած են:



