Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աֆղանիստան-Փաքիստան Բախումներ

February 28, 2026
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հակառակ Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան Փաքիստանի հակադարձելու իր գործողութիւններուն աւարտը յայտարարելուն, երկու սահմանակից երկիրներուն միջեւ սահմանային բախումները շարունակուեցան:

Աֆղանական ուժեր հարուածեցին Խայպար Պախթունխուա շրջանին մէջ գտնուող Նուրշիրա քաղաքի շրջանին մէջ փաքիստանեան ռազմակայան մը: Փաքիստան իր կարգին օդային յարձակումներ գործեց Խոսթի, Պաքթիքայի եւ Լաղմանի մէջ գտնուող թալեպաններու դիրքերուն վրայ:

Փաքիստանի վարչապետ Շահպազ Շարիֆ յայտնեց, որ իր երկրի զինեալ ուժերը երկրին վրայ որեւէ յարձակումի ուժգին հակադարձելու բոլոր տուեալները ունին:

Փաքիստանի պաշտպանութեան նախարար Խաուաժա Ասեֆ երէկ յայտարարեց, թէ Իսլամապատ Աֆղանիստանի հետ բաց պատերազմի մէջ մտած է այդ երկրէն եկող ահաբեկչական վտանգներու պատճառով` ընդգծելով, որ իր երկրին համբերութիւնը սպառած է:

Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը նշեց, որ երէկ արշալոյսին հարուածած է փաքիստանեան դիրքեր` հակադարձելով հինգշաբթի օր մայրաքաղաք Քապուլի, Գանտահարի եւ Պաքթիայի վրայ կատարուած փաքիստանեան օդային յարձակումներուն:

Քապուլի եւ Իսլամապատի միջեւ յարաբերութիւնները երկար ատենէ ի վեր լարուած են փաքիստանեան կողմի այն ամբաստանութեան պատճառով, թէ Քապուլ կը պատսպարէ զինեալներ, որոնք Փաքիստանի մէջ յարձակումներ կը գործեն:

Հինգշաբթի օր փաքիստանեան ուժերու Թալեպաններու կառավարական կառոյցներուն վրայ յարձակումները մեծ մագլցում կը նկատուին:

Ըստ Աֆղանիստանի պաշտպանութեան նախարարութեան, 55 փաքիստանցի զինուորներ սպաննուած են եւ փաքիստանեան բանակի երկու դիրքեր ու 19 կէտեր գրաւուած են, իսկ աֆղանական ուժերը ունին 8 զոհ եւ 11 վիրաւոր:

Իրան եւ Ռուսիա անջատաբար պատրաստակամութիւն յայտնեցին երկու կողմերուն միջեւ միջնորդութիւն կատարելու:

 

Նախորդը

Ըստ «Էյ.Պի.Սի.»-ի. Իրանի Դէմ Ամերիկեան-Իսրայէլեան Միացեալ Քայլը Տակաւին Չէ Բացառուած

Յաջորդը

Արաղչի. «Ժընեւի Մէջ Լաւ Յառաջընթաց Արձանագրեցինք. Յաջորդ Նիստը` Մէկ Շաբաթ Ետք»

RelatedPosts

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր.  Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…
Գլխաւոր լուրեր

Հինգշաբթի Օր Ժընեւի Մէջ Բանակցութիւննե՞ր. Փեզեշքիան Դրացի Երկիրներէն Ներում Կը Հայցէ, Սակայն…

March 9, 2026
Պոլսոյ Մէջ Ֆիտան-Պայրամով Հանդիպում
Միջազգային

Պոլսոյ Մէջ Ֆիտան-Պայրամով Հանդիպում

March 9, 2026
Սուտանի Եւ Պարզանի. «Իրաքը Դրացի  Երկիրներուն Վրայ Յարձակումի Սկսելու  Հարթակ Պիտի Չըլլայ»
Միջազգային

Սուտանի Եւ Պարզանի. «Իրաքը Դրացի Երկիրներուն Վրայ Յարձակումի Սկսելու Հարթակ Պիտի Չըլլայ»

March 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.