ԱՄԵՐԻԿԵԱՆ իշխանութիւնները դիւանագիտական պոյքոթ յայտարարեցին յառաջիկայ տարեսկիզբին Պէյճինկի մէջ նախատեսուող ողիմպիական խաղերուն դէմ: Ամերիկացիք իրենց այս կեցուածքը հիմնաւորեցին Չինաստանի «մարդկային իրաւանց վատ վարքագիծով»: Այսուհանդերձ, Սպիտակ տան բանբեր Ճէյն Փսաքի հաստատեց, որ ամերիկացի մարզիկները պիտի մասնակցին Պէյճինկի ողիմպիական խաղերուն:
«ՃՕ ՊԱՅՏԸՆ պիտի դառնայ Ամերիկայի յոռեգոյն նախագահը պատմութեան մէջ», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ: Ան ընդգծեց, որ Պայտընի օրով ամերիկեան ազդեցութիւնը յաչս աշխարհին հասած է նուազագոյն մակարդակի, եւ Պայտըն երկիրը կ՛առաջնորդէ այնպիսի ուղղութեամբ, ուրկէ ետդարձը կարելի չէ»:
ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ երկու զօրաւոր պայթումներ ցնցեցին ՄԱԿ-ի կեդրոնները Մալիի հիւսիսը գտնուող Ղաու քաղաքին մէջ: Ֆրանսական բանակը հաղորդեց, թէ պայթումները պատճառեցին նիւթական վնասներ, առանց մարդկային կորուստի: Ֆրանսական աղբիւրը սակայն չյստակացուց պայթումներուն հեղինակները:
ՍՈՒՏԱՆԻ մէջ 14,3 միլիոն անձ մարդկային օժանդակութեան պիտի կարօտի 2022-ին: Ըստ ՄԱԿ-ի պատկան աղբիւրին, որ հաղորդեց լուրը, նշեալ թիւը ութ միլիոնով կը գերազանցէ 2021-ի տուեալները: