«Թեհրանի հետ յարաբերութեանց զարգացումը մեր առաջնահերթ հարցերէն մէկն է», շեշտեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Ազգային ապահովութեան խորհրդական Թահնուն Պըն Զայէտ երկուշաբթի Թեհրան կատարած իր այցելութեան առիթով: Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու պատասխանատուն Թեհրանի մէջ հանդիպումներ ունեցաւ իրանցի իր պաշտօնակիցին` Իրանի Ազգային ապահովութեան գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Ալի Շամխանիի հետ, որ այս առիթով անհրաժեշտ նկատեց շրջանին մէջ փոխադարձ գործակցութիւնը` ապահովութեան եւ կայունութեան ամրապնդման համար: «Դրացի երկիրներուն հետ սիրալիր եւ ջերմ յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ տնտեսական եւ առեւտրական շահարկումները առաջնահերթ են մեր արտաքին յարաբերութեանց քաղաքականութեան մէջ», ընդգծեց Շամխանի` հիւրընկալելով շէյխ Թահնուն Պըն Զայէտը: Իր կարգին, իմարաթցի դիւանագէտը Ապու Տապի այցելութեան հրաւէր ուղղեց Իրանի նախագահ Իպրահիմ Ռայիսիի:
Շրջանային Կայունութեան Միտող Սառցահա՞լ
Իրանի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու միջեւ յարաբերութեանց սերտացման առաջնորդելու կոչուած այս այցելութիւնը յաւելեալ թափ կու տայ շրջանին մէջ կայունութեան ամրապնդման ու «հակադիր» կողմերու միջեւ «սառցահալ» հաստատելու հաւանականութեանց: Փաստօրէն, Թուրքիոյ նախագահի «նախաձեռնած» շրջանի եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներուն հետ բարեկամութեան ամրապնդման քայլը մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ Քաթարի եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ձեռնարկած «նոր էջ»-երու երեւոյթը, Իրանի թէ Թուրքիոյ հետ կը դրսեւորէ շրջանին մէջ «իրարու բացուելու» քաղաքական ռազմավարութիւն, որ սակայն կը մեկնի որոշ մտահոգութիւններէ: Արդարեւ, Քաթար միաժամանակ բարեկամ է Իսրայէլի եւ Թուրքիոյ հետ, ինչպէս նաեւ բարեկամ ու «դաշնակից» կը նկատուի Իրանի, յատկապէս` 2011-ի «Արաբական գարնան» յառաջացուցած մարտահրաւէրներուն դէմ եւ մեկնելով իր այդ հանգամանքէն կը փորձէ կամրջումի դեր կատարել շրջանի երկիրներուն միջեւ` կայունութեան ամրապնդման միտումով: Նմանապէս եւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ կը փորձեն իրենց կապերը սերտացնել շրջանի կայունութեան հաստատման մէջ ազդեցիկ երկիրներու, որոնց կարգին` Իրանի հետ: Այս քայլը կը յիշեցնէ ամերիկեան կեդրոնական ուժերու պատասխանատու զօրավար Քենեթ Մաքենզիի այն յայտարարութիւնը, թէ Իրան օդուժի կարեւոր կարողութիւն ունի եւ «դժուար թիրախ» է: Նման գաղափար մը արտայայտուած էր նախապէս, թէ Իսրայէլի կողմէ Իրանի դէմ հաւանական յարձակումի պարագային կրնայ քարուքանդ ըլլալ նաեւ Ծոցի շրջանը: Այս տուեալները գլխաւոր խթան կը հանդիսանան Քաթարի եւ յատկապէս Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու ղեկավարները մղելու շրջանին մէջ կայունութեան ձգտող կամրջումի բարերար միջնորդական դեր կատարելու:
Շրջանային եւ յատկապէս Ծոցի մէջ կայունութեան ու ապահովութեան ամրապնդման հաւանականութիւնները շեշտուեցան երէկ` երեքշաբթի, 7 դեկտեմբերին կայացած Պայտըն-Փութին խորհրդակցութեամբ, որ իրականացաւ նախապէս հաստատուած հեռաձայնի յատուկ գիծով մը, որ կոչուած է երաշխաւորելու այս վեհաժողովի խորհրդակցութեանց գաղտնապահութիւնը: Ըստ դէտերու, խորհրդակցութեանց առանցքը կազմեցին միջազգային հրատապ հարցեր, ինչպէս` Ուքրանիոյ, Ծոցի եւ Միջին Արեւելքի հրատապ հարցերը: