Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փութին-Ռայիսի Վեհաժողով. «Ռուսիոյ Հետ Յարաբերութիւնները Զարգանալով Պիտի Վերածուին Ռազմավարական Յարաբերութիւններու» Կ՛ըսէ Իրանի Նախագահը

January 20, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Մոսկուայի մէջ տեղի ունեցաւ Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներ Վլատիմիր Փութինի եւ Իպրահիմ Ռայիսի վեհաժողովը:

Իրանի նախագահը հանդիպումին սկիզբը յայտնեց. «Բարեկամ Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններու ընդլայնման ու զարգացման համար որեւէ սահմանափակում չունինք»: Ան նշեց. «Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւնները զարգանալով պիտի վերածուին ռազմավարական յարաբերութիւններու»:

«Միացեալ Նահանգներու եւ Արեւմուտքի քաղաքականութեան լոյսին տակ, մեր յարաբերութիւնները պէտք է աւելի ուժեղ ըլլան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Մենք 40 տարիէ ի վեր Ռուսիոյ ընկերակցութեամբ դէմ կը դնենք Միացեալ Նահանգներուն»:

«Մեր ռուս բարեկամներուն ներկայացուցինք մեր երկիրներուն միջեւ ռազմավարական համաձայնութեան շուրջ նախագիծ մը: Ռազմավարական գործակցութեան շուրջ փաստաթուղթեր ունինք, որոնք կրնան 20 տարուան տեւողութեամբ ճշդել այդ գործակցութեան հորիզոնները», յայտնեց Իրանի նախագահը:

«Առեւտրական եւ տնտեսական յարաբերութիւնները ներկայիս գոհացուցիչ են: Ջանք կը թափենք, որպէսզի տարբեր ոլորտներու մէջ մեր գործակցութիւնը ներկայէն շատ աւելի մեծ ըլլայ», ըսաւ Ռայիսի:

«Իրան Ռուսիոյ հետ կայուն ու համապարփակ յարաբերութիւններու կը ձգտի, եւ մեր դրացիներուն հետ դիւանագիտական գործակցութեան մակարդակի բարձրացման կը ձգտի», յայտնեց ան:

Մինչ երկու նախագահները ողջունեցին Սուրիոյ մէջ երկու երկիրներու գործակցութիւնը, Ռայիսի կոչ ուղղեց զայն տարածելու այլ թղթածրարներու վրայ: «Սուրիոյ մէջ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին մէջ Ռուսիոյ հետ գործակցութեան լաւ փորձառութիւն ունինք, որ կրնայ յարաբերութիւններու հիմք ըլլալ», Ընդգծեց Ռայիսի:

Փութին իր կարգին նշեց. «Մոսկուայի եւ Թեհրանի աջակցութիւնը դարձաւ վճռական գործօն մը, որ Սուրիոյ օգնեց շրջանցելու իր հողերուն վրայ ահաբեկչական սպառնալիքները»:

Նշենք, որ Ռայիսի Թեհրանէն Մոսկուա մեկնելէ առաջ յայտարարած էր, որ Մոսկուա իր այցելութիւնը կրնայ Ռուսիոյ հետ իր երկրին բոլոր յարաբերութիւններուն մէջ «շրջադարձ» մը ըլլալ:

Նախորդը

«Էրտողան Փութինն Ու Զելենսքին Հրաւիրեց Թուրքիա» Կ՛ըսէ Քալըն

Յաջորդը

Նախապէս Ղազախստանի Մէջ ՀԱՊԿ-ի Խաղաղապահներու Ներկայութիւնը Քննադատած Էրտողանի Օգնականը Ըսած Է, Թէ Զինք Սխալ Հասկցած Են

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.