Ուքրանիոյ վրայ զինուորական յարձակումի պարագային Ուաշինկթըն պատրաստ է Ռուսիոյ դէմ կարծր տնտեսական պատժամիջոցներ հաստատելու, մինչեւ իսկ տոլարով գործողութիւններու արգիլումը, թէեւ այդ միջոցը բացասաբար պիտի անդրադառնայ ինքնին Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան վրայ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն:
«Ես կ՛ուզեմ յստակ հասկցնել, որ տոլարով գործողութիւններու կամ այլ բաներու նկատմամբ պատժամիջոցներու լուրջ սահմանումը բացասական հետեւանքներ պիտի ունենայ նաեւ Միացեալ Նահանգներու համար, բացասական հետեւանքներ` աշխարհի համար, աւերիչ` Ռուսիոյ համար», ըսած է ան:
Պայտըն յայտարարած է, որ Ուքրանիան «գրաւելու» պարագային Ռուսիոյ «աղէտ կը սպասէ», որովհետեւ Ուաշինկթըն «նախապէս չտեսնուած պատժամիջոցներ» պիտի հաստատէ:
Սպիտակ տան ղեկավարին կարծիքով` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին այժմ «խիստ ընտրութեան» առջեւ կանգնած է. կամ զինուորական տագնապ Ուքրանիոյ հետ եւ անխուսափելի հետեւանքներ` պատժամիջոցներու տեսքով, կա՛մ ալ լարուածութեան մեղմացում եւ դիւանագիտական գործելաոճ:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը միեւնոյն ժամանակ վստահութիւն յայտնած է, որ Փութին «տակաւին լիարժէք պատերազմ մը չ՛ուզեր»:
Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով պատասխանելով Պայտընի յայտարարութիւններուն յայտնեց, որ Ռուսիոյ հասցէին սպառնալիքներով յայտարարութիւնները չեն նպաստեր լարուածութեան մեղմացման եւ կրնան Ուքրանիոյ իշխանութիւններու տաք գլուխներուն մէջ մտցնել Տոնպասի հարցը ուժով լուծելու գաղափարը:
«Բոլոր այդ յայտարարութիւնները կրնան նպաստել կացութեան ապակայունացման, որովհետեւ անոնք կրնան շատ սխալ յոյսեր ներշնչել Ուքրանիոյ տաքգլուխ որոշ ներկայացուցիչներուն, ուքրանական ղեկավարութեան, որ, ինչպէս կ՛ըսեն, սուսիկ-փուսիկ կրնայ որոշել իր երկրին մէջ քաղաքացիական պատերազմը վերսկսիլ եւ փորձել հարաւ-արեւելքի խնդիրը ուժային եղանակով լուծել: Մենք այդ առնչութեամբ մտավախութիւններ ունինք», ըսած է Փեսքով:
«Միացեալ Նահանգներ Ռուսիոյ Զօրքերու Ուքրանիոյ Սահմանէն Ներս Որեւէ Շարժում Պիտի Նկատեն «Նոր Ներխուժում» Կ՛ըսէ Փսաքի
Միացեալ Նահանգներ ռուսական զօրքերու Ուքրանիոյ սահմանէն ներս որեւէ շարժում պիտի նկատեն Ռուսիոյ կողմէ Ուքրանիա «նոր ներխուժում»: «Քոմերսանթ»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարած է Սպիտակ տան բանբեր Ճեն Փսաքի` նախագահ Ճօ Պայտընի մամլոյ ասուլիսի աւարտին:
«Նախագահ Պայտըն յստակ հասկցուցած է Ռուսիոյ նախագահին. եթէ ռուսական զինեալ ուժեր կտրեն Ուքրանիոյ հետ սահմանը, ատիկա նոր ներխուժում պիտի ըլլայ, եւ արագօրէն պիտի արձագանգուի Միացեալ Նահանգներու եւ մեր դաշնակիցներու դաժան եւ միասնական պատասխանով:
«Նախագահ Պայտընը բազմամեայ փորձառութեամբ տեղեակ է նաեւ, որ ռուսերը յարձակողական գործողութիւններու հսկայական զինանոց ունին, զինուորական գործողութիւններէն բացի, նաեւ համացանցային յարձակումները եւ ռազմականացուած մարտավարութիւնը: Եւ այսօր ան հաստատած է, որ ռուսական յարձակումի այդ արարքները պիտի արժանանան վճռական, փոխադարձ եւ միասնական արձագանգի», կը նշուի Փսաքիի յայտարարութեան մէջ:
Երէկ տեղի ունեցած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի մամլոյ ասուլիսը` նուիրուած նախագահի պաշտօնավարման ստանձնման միամեակին: Ասուլիսի ընթացքին ան անդրադարձած էր ռուս-ամերիկեան յարաբերութիւններուն, ինչպէս նաեւ Ուքրանիոյ շուրջ ստեղծուած կացութեան:
Պայտըն բացառած է յառաջիկային Ուքրանիոյ` ՕԹԱՆ-ին անդամակցութիւնը, սակայն զգուշացուցած է, որ Ռուսիոյ Ուքրանիա ներխուժումը պիտի յանգեցնէ Համաշխարհային Բ. պատերազմէն ի վեր ամէնէն լուրջ հետեւանքներուն: