Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Արդարադատութեա Նախարարը Քայիտային Զէնք Մատակարարած Է

February 1, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արդարադատութեան նոր նախարար Պեքիր Պոզտաղ, որ պաշտօնը ստանձնած է նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի` 28 յունուար 2022 թուականի հրամանագիրով, ներառուած եղած է 2014 թուականին «Քայիտա» ահաբեկչական կազմակերպութեան զէնք մատակարարելու գործին մէջ: Այս մասին կը գրէ «Նորտիք Մոնիթըր»-ը:

Սուրիոյ սահմանէն ոչ հեռու գտնուող Ատանա նահանգի դատախազութիւնը Պոզտաղի նկատմամբ հետաքննութեան սկսած է, երբ ան ապօրինաբար միջամտած է Սուրիոյ մէջ ժիհատական խմբաւորումներուն ապօրինի զէնք մատակարարելու հետաքննութեան:

Թրքական հետախուզութեան գործակալներուն մասնակցութեամբ թուրք-սուրիական սահման հասած բեռը 1 յունուար 2014-ին գրաւուած էր իրաւապահ մարմիններուն կողմէ:

Էրտողանի կառավարութեան գաղտնազերծած հազարաւոր փաստաթուղթերուն մէջ ապացոյցներ կան, որ զէնքի ապօրինի մատակարարումը կատարուած է Պոզտաղի «հովանաւորութեամբ»:

Հակառակ այն իրողութեան, որ դատախազներն ու տեղական իրաւապահ մարմինները տուեալներ փնտռած են բացայայտելու համար, թէ Քայիտային ի՛նչ առաքուած է, Էրտողանի կառավարութեան մերձաւոր շրջապատը փորձած է խանգարել հետաքննութիւնը եւ անարգել զէնք հասցնել Սուրիա:

Միւս կողմէ, «Ճումհուրիեթ» կը հաղորդէ, որ արդարադատութեան նախարար Ապտուլհամիտ Կիւլի հրաժարելէն ետք, Էրտողանի կառավարութեան եւս չորս նախարարներ հաւանաբար է լքեն իրենց աթոռները:

Էրտողան կրնայ փոխարինել նաեւ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուն, մշակոյթի նախարար Մեհմետ Նուրի Էրսոյը, առողջապահութեան նախարար Ֆահրեթին Քոճան եւ գիւղատնտեսութեան նախարար Պեքիր Փաքտեմիրլին, սակայն փոփոխութիւնները, ըստ թրքական օրաթերթին, ամենայն հաւանականութեամբ մէկ գիշերուան ընթացքին պիտի չըլլան:

Ամէնէն հաւանական փոփոխութիւնը պիտի ըլլայ հեռացումը Չաւուշօղլուի, որուն կրնայ փոխարինել նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալընը: Միեւնոյն ժամանակ, կը հաղորդուի, որ Փաքտեմիրլին ինկած է Էրտողանի աչքէն` անցեալ ամառ անտառային հրդեհները վերահսկել ձախողելուն համար:

Բայց եւ այնպէս, Կիւլի հրաժարականը կը նկատուի իբրեւ նշան, որ Էրտողան Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ շարունակուող վէճերուն մէջ անցած է նախկին վարչապետ Պինալի Եըլտըրըմի կողմը:

Ըստ «Ճումհուրիեթ»-ի, նախկին նախարարը խնդիրներ ունեցած է նաեւ ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլուի հետ եւ նախապէս չէ ենթարկուած Էրտողանի հրահանգներուն: Նախագահը դժգոհ է նաեւ 2016 թուականի յեղաշրջման անյաջող փորձին իբրեւ թէ առնչուած դատաւորներու եւ դատախազներու նկատմամբ Կիւլի վերաբերմունքէն:

Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան մէջ լարուածութեան աճի մէկ այլ պատճառը նախընտրական գործարքն է, որ կնքուած է ծայրայեղ աջ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան հետ:

Նախորդը

Իսրայէլեան Օդուժը Լիբանանի Ռայաք Շրջանի Ուղղութենէն Յարձակում Գործեց Դամասկոսի Մօտ Գտնուող Կէտերու Վրայ

Յաջորդը

Այսօր Լաւրով-Պլինքըն Հեռաձայնային Հաղորդակցութիւն

RelatedPosts

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը.  Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու  Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար
Միջազգային

Ըստ Թրքական Կառավարական Աղբիւրի Մը. Ռուսիոյ Եւ Ուքրանիոյ Միջեւ Բանակցութիւններու Պոլսոյ Մէջ Շարունակումը Կարելի Է Եւ Յարմար

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.