Իսրայէլի նախագահ Եիցհաք Հերցոկ երէկ այցելեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպում ունեցաւ Ապու Տապիի գահաժառանգ շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ Ալ Նահիանի հետ: Ասիկա պատմութեան մէջ առաջին անգամն էր, որ Իսրայէլի նախագահ մը կ՛այցելէ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ: Երկու երկիրները իրենց յարաբերութիւնները բնականոնացուցած էին 2020-ի աշնան:
Երկու ժամ տեւողութեամբ հանդիպումի ընթացքին Հերցոկ կոչ ուղղեց, որ շրջանէն յաւելեալ երկիրներ ճանչնան Իսրայէլը, եւ դատապարտեց Եմէնի հուսիներուն կողմէ վերջերս Ապու Տապիի վրայ կատարուած յարձակումը:
«Կ՛ուզեմ շեշտել, որ մենք ամբողջովին կը զօրակցինք ձեր անվտանգութեան պահանջներուն եւ կը դատապարտենք ձեր գերիշխանութեան վրայ ամէն ձեւի յարձակումները», ըստ Իսրայէլի նախագահի գրասենեակին ըսած է Հերցոկ:
Անոնք քննարկեցին 2020-ին ստորագրուած «Աբրահամի խաղաղութեան համաձայնութեան» լոյսին տակ երկկողմանի գործակցութեան տարբեր երեսները, ինչպէս նաեւ շարք մը նիւթեր եւ հասարակաց հետաքրքրութեան շրջանային ու միջազգային հարցեր:
Շէյխ Մոհամետ պըն Զայետ յայտնեց, որ երկու երկիրները համակարծիք են «ահաբեկչական միլիսներուն եւ ուժերուն» դէմ խիստ կեցուածք որդեգրելու կարեւորութեան շուրջ:


