Միջազգային

Փերինչեք Պիտի Այցելէ Սուրիա  Եւ Հանդիպում Ունենայ Ասատի Հետ

Փերինչեք Պիտի Այցելէ Սուրիա Եւ Հանդիպում Ունենայ Ասատի Հետ

Թրքական «Զաման» օրաթերթը, յղում կատարելով թուրք լրագրող Պարըշ Եարքտաշին, հաղորդեց, որ ձախակողմեան «Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի դաշնակից Տողու Փերինչեք յառաջիկայ 10 օրուան ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն նոր հրաժարած եւ «Վաթան»-ի միացած գործարար Էթհեմ Սանճաքի հետ պիտի այցելէ Սուրիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ վարչապետին հետ:

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սերտէ Հիւլէական  Համաձայնագիրի Վերականգնման  Վերաբերեալ Իրանի Պատասխանը

Եւրոպական Միութիւնը Կը Սերտէ Հիւլէական Համաձայնագիրի Վերականգնման Վերաբերեալ Իրանի Պատասխանը

Եւրոպական Միութիւնը յայտարարեց, որ կը սերտէ 2015 թուականին կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը վերականգնելու իր առաջարկներուն վերաբերեալ Իրանի պատասխանը: Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան բարձրագոյն յանձնակատարի բանբերը յայտնեց, որ իրանեան պատասխանը ստացուած է երկուշաբթի օր ուշ գիշերին: «Զայն կը սերտենք, եւ Գործողութիւններու համապարփակ ու միացեալ ծրագիրին (հիւլէական համաձայնագիրի պաշտօնական անունը, «Ա.») մասնակից մնացեալ գործընկերներուն եւ Միացեալ Նահանգներու հետ կը խորհրդակցինք յառաջ շարժելու ձեւին...

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Իր Դաշնակիցներուն  Նորագոյն Սպառազինութիւն Առաջարկելու»

Փութին. «Ռուսիան Պատրաստ Է Իր Դաշնակիցներուն Նորագոյն Սպառազինութիւն Առաջարկելու»

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի համաձայն, Մոսկուան այժմ ունի նորագոյն սպառազինութեան այնպիսի տեսակներ, որոնք զգալիօրէն կը գերազանցեն արեւմտեան նոյնանման զէնքերը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ ան այս մասին յայտարարած է «Բանակ 2022» ցուցահանդէսի բացման ընթացքին: «Բազմաթիւ պարագաներու մէջ մենք Արեւմուտքէն քանի մը տարիով կամ նոյնիսկ տասնամեակով յառաջ ենք», նշած է Ռուսիոյ նախագահը: Փութին ըսած է, որ Մոսկուան պատրաստ է իր...

«Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան  Պատուիրակութեան Ճակատի Ճամբով Զափորոժիէի  Հիւլէական Կայան Այցելելը Մեծ Ռիսք Է»  Կ՛ըսէ Մոսկուա

«Ուժանիւթի Միջազգային Գործակալութեան Պատուիրակութեան Ճակատի Ճամբով Զափորոժիէի Հիւլէական Կայան Այցելելը Մեծ Ռիսք Է» Կ՛ըսէ Մոսկուա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ զէնքերու տարածման արգիլման վարչութեան փոխտնօրէն Իկոր Վիշնիցքի յայտնեց. «Ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան պատուիրակութեան Զափորոժիէ հիւլէական կայան այցելելու համար ճակատէն անցնիլը մեծ ռիսք է»: «Ասիկա շատ վտանգաւոր է` նկատի ունենալով, որ ուքրանական զինեալ ուժերը բոլորը նոյն ձեւով չեն գործեր», նշեց ան: Զափորոժիէ հիւլէական կայանը Տնեփր գետի ձախ ափին վրայ է` Ինիրկոտար քաղաքին մօտ: Անիկա Եւրոպայի մէջ մեծագոյն...

Հնդկաստան Արգելակած Է Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ի  Յառաջիկայ Վեհաժողովին Իբրեւ Հիւր Մասնակցութիւնը

Հնդկաստան Արգելակած Է Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ի Յառաջիկայ Վեհաժողովին Իբրեւ Հիւր Մասնակցութիւնը

Հնդկաստան արգելակած է Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ի յառաջիկայ վեհաժողովին իբրեւ հիւր մասնակցութիւնը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է յոյն լրագրող Փոլ Անաթոնափուլուս: «Ազրպէյճան այնքան թշնամական չէ Հնդկաստանի նկատմամբ, որքան Յունաստանի, սակայն անոնք (հնդիկները, «Ա.») զերոյական հանդուրժողականութիւն ունին նախայարձակներու նկատմամբ: Մինչդեռ Յունաստանի կառավարութիւնը կը ձեւացնէ, թէ Ազրպէյճանը Ռուսիոյ համար ազատական հակաթոյն է», գրած է Անթոնոփուլուս: Պաքուն այս տարի հրաւէր ստացած էր հիւր ըլլալու...

Չաւուշօղլու Դարձեալ Սուրիոյ Վարչակարգին  Ու Ընդդիմութեան Փոխզիջումնային  Լուծումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Չաւուշօղլու Դարձեալ Սուրիոյ Վարչակարգին Ու Ընդդիմութեան Փոխզիջումնային Լուծումի Կոչ Կ՛ուղղէ

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու իր լաթվիացի պաշտօնակից Իտկարս Ռենքիվիքսի հետ մամլոյ միացեալ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց. «Սուրիոյ մէջ մնայուն լուծում եւ կայունութիւն երաշխաւորելու համար պէտք է սուրիական վարչակարգին եւ ընդդիմութեան միջեւ փոխզիջումնային լուծում գտնել»: «Սուրիական ընդդիմութիւնը Թուրքիոյ կը վստահի, եւ անոնք զինք երբեք յուսախաբ չըրին, եւ փոխհասկացողութիւնը Սուրիոյ մէջ մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան հաստատման պայման է», նշեց Չաւուշօղլու: «Սուրիոյ...

Կիզայի Ղպտի Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհ Մը  Զոհեր Ու Վիրաւորներ Պատճառեց

Կիզայի Ղպտի Եկեղեցւոյ Մէջ Հրդեհ Մը Զոհեր Ու Վիրաւորներ Պատճառեց

Ղպտի եկեղեցին ընկերային ցանցերու վրայ հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով` յղում կատարելով Եգիպտոսի առողջապահութեան նախարարութեան, հաղորդեց, որ Եգիպտոսի Կիզա նահանգի Ըմպապա շրջանի Սուրբ Ապու Սայֆէյն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցած հրդեհին պատճառով արձանագրուած է 41 զոհ: Ղպտի եկեղեցին յայտարարեց, որ զոհերուն շարքին է եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւը: Նախքան այդ, ապահովական երկու աղբիւրներ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնած էին, որ հրդեհին պատճառով 35 զոհ եւ 45...

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակումներու Շարք Մը  Գործած Է Թարթուսի Նաւահանգիստին Վրայ

Իսրայէլեան Օդուժը Յարձակումներու Շարք Մը Գործած Է Թարթուսի Նաւահանգիստին Վրայ

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը երէկ գիշեր հաղորդեց. «Գոյութիւն ունին Սուրիոյ Թարթուս շրջանին վրայ իսրայէլեան ռմբակոծման վերաբերեալ տեղեկութիւններ»: Իսրայէլեան աղբիւրներ նշեցին. «Իսրայէլեան ռմբաձիգներ լիբանանեան օդային տարածքէն յարձակումներու շարք մը գործեց Թարթուսի նաւահանգիստին վրայ»: ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը Թարթուսի վերեւ թշնամական թիրախներու դէմ կը դնեն:  

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը  Խորհրդակցութիւն Կատարած Է  Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ

Ազրպէյճանի Պաշտպանութեան Նախարարը Խորհրդակցութիւն Կատարած Է Լաչինի Միջանցքին Վերաբերեալ

Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով շաբաթ օր կատարած է խորհրդակցութիւն մը, որուն ընթացքին քննարկած է օգոստոսի սկիզբը տեղի ունեցած իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ անդրադարձած է Լաչինի միջանցքը փոխարինող նոր ճամբու շահագործման հարցին: «Նախարարը պաշտօնատար անձերու առջեւ դրած է յստակ խնդիրներ, որոնք նկատի առնուած են լուծելու այն հարցերը, որոնք կ՛առնչուին Լաչինի միջանցքի օգտագործման նպատակով կառուցուած նոր ճամբու շահագործման», կը հաղորդէ ազրպէյճանական պետական...

«Թուրքիան Պէտք Է Իմանայ,  Որ Կրակի Հետ Կը Խաղայ»  Կ՛ըսէ Իրանցի Դիւանագէտ Մը

«Թուրքիան Պէտք Է Իմանայ, Որ Կրակի Հետ Կը Խաղայ» Կ՛ըսէ Իրանցի Դիւանագէտ Մը

Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկիչներուն Սուրիայէն դէպի Ազրպէյճան տեղափոխումն ու անոնց Իրանի սահմաններուն մօտ ներկայութիւնը անընդունելի է: «Արմէնփրես»-ի հաղորդումով` այդ մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում կատարելով յայտարարած է իրանցի դիւանագէտ, Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի նախկին դեսպան  Քազեմ Սաժատի` այդ գրառումին կից հրապարակելով այդ մասին տեսանիւթ: «Յունաստանէն, Կիպրոսէն, Հայաստանէն, Սուրիայէն եւ Իրաքէն ետք, Թուրքիան հիմա ալ չարամիտ գործողութիւններ կը ծրագրէ Իրանի սահմաններուն մօտ: Թուրքիան...

«Սատանայական Հատուածներ» Գիրքի Հեղինակ  Սալման Ռուշտի Դանակահարուեցաւ

«Սատանայական Հատուածներ» Գիրքի Հեղինակ Սալման Ռուշտի Դանակահարուեցաւ

Բրիտանացի գրագէտ, «Սատանայական Հատուածներ» գիրքի հեղինակ Սալման Ռուշտի երէկ Նիւ Եորքէն 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող Շիթաքուա քաղաքի մէջ գտնուող «Շիթաքուա» հիմնարկին մէջ տրուած դասախօսութեան ընթացքին դանակահարուեցաւ: 75 տարեկան Ռուշտի վիզէն դանակի հարուած ստացած ըլլալով փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: Յարձակումի հեղինակը ձերբակալուեցաւ: Իրանի իսլամական հանրապետութեան հիմնադիր եւ գերագոյն հոգեւոր պետ այաթոլլա Խումէյնի 1989-ին ծագումով իսլամ հնդիկ Ռուշտիի արեան հեղման կրօնական հրամանագիր մը...

Մոսկուա. «Զուիցերիան Պատժամիջոցներուն  Միանալով Զրկուած Է Չէզոք Երկիրի Կարգավիճակէն»

Մոսկուա. «Զուիցերիան Պատժամիջոցներուն Միանալով Զրկուած Է Չէզոք Երկիրի Կարգավիճակէն»

Ռուսիան յայտարարած է, թէ Զուիցերիան այլեւս չի կրնար ներկայացնել Ուքրանիոյ շահերը, որովհետեւ կողմնակալութիւն դրսեւորած է: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան փոխբանբեր Իւան Նեչայեւ: «Դժբախտաբար, Զուիցերիան զրկուած է չէզոք երկիրի կարգավիճակէն եւ ո՛չ իբրեւ միջնորդ եւ ո՛չ ալ Ուքրանիոյ շահերը ներկայացնող երկիր կրնայ հանդիսանալ, որովհետեւ միացած է Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներուն», ըսած է...

«Ուքրանիան Աշխարհը Չեռնոպիլի Օրինակով  Հիւլէական Աղէտի Կ՛առաջնորդէ»  Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ռուսիոյ Դեսպանը

«Ուքրանիան Աշխարհը Չեռնոպիլի Օրինակով Հիւլէական Աղէտի Կ՛առաջնորդէ» Կ՛ըսէ ՄԱԿ-ի Մօտ Ռուսիոյ Դեսպանը

ՄԱԿ-ի մօտ Ռուսիոյ դեսպան Վասիլի Նիփենզիա վերջին օրերուն ուքրանական ուժերուն կողմէ Զապորոժիէի հիւլէական կայանին դէմ իրերայաջորդ ռմբակոծումներուն անդրադառնալով յայտնեց. «Հիւլէական ենթակառոյցներուն վրայ Քիեւի շղթայազերծած յարձակումը աշխարհը կ՛առաջնորդէ եզրին հիւլէական աղէտի մը, որուն տարողութիւնը կարելի է բաղդատել Չեռնոպիլի հետ»: Այս մասին հաղորդեց «Ռաշա Թուտէյ»-ը: «Եթէ ուքրանական բանակի յարձակումները շարունակուին, ապա որեւէ պահու կրնայ աղէտ պատահիլ, որմէ ետք Քիեւի, Զապորոժիէի, Խարքովի, Պոլթավայի,...

Յայտնելով, Որ Պելկրատի Մէջ Մըքտատի Հետ  Հանդիպում Ունեցած Է.  Չաւուշօղլու. «Էրտողանի Եւ Ասատի  Միջեւ Հանդիպում Մը Առաջարկեցի»

Յայտնելով, Որ Պելկրատի Մէջ Մըքտատի Հետ Հանդիպում Ունեցած Է. Չաւուշօղլու. «Էրտողանի Եւ Ասատի Միջեւ Հանդիպում Մը Առաջարկեցի»

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու Անգարայի մէջ դիւանագէտներու խորհրդաժողովի աւարտին մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց, որ իր սուրիացի պաշտօնակից Ֆայսալ Մըքտատի հետ Պելկրատի մէջ Ոչ յանձնառու երկիրներու ժողովի ընթացքին իր հանդիպումին ընթացքին յայտնած է. «Պէտք է Սուրիոյ մէջ ընդդիմութիւնն ու վարչակարգը ձեւով մը հաշտեցնենք, այլապէս մնայուն խաղաղութիւն պիտի չըլլայ»: «Ռուսիան կ՛ուզէ, որ սուրիական վարչակարգին հետ հաղորդակցութիւններ ունենանք, եւ ես...

Կիպրոս Թաթարի Հետ Ալիեւի Հանդիպումին Դէմ  Բողոք Կը Ներկայացնէ  Եւ «Սրբագրման Քայլեր» Կը Պահանջէ

Կիպրոս Թաթարի Հետ Ալիեւի Հանդիպումին Դէմ Բողոք Կը Ներկայացնէ Եւ «Սրբագրման Քայլեր» Կը Պահանջէ

Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ «պաշտօնական բողոքներ» ներկայացուցած է հիւսիսային Կիպրոսի թուրքերու ղեկավար Էրսին Թաթարի` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Թուրքիոյ մէջ Իսլամական համերաշխութեան խաղերու ընթացքին հանդիպումին դէմ, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական կառավարութենէն «սրբագրման քայլեր» պահանջած է: Նախարարութիւնը նշեց, որ հանդիպումը կը հակասէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը դատապարտեն հիւսիսային Կիպրոսի մէջ անջատողական թրքական պետութեան մը...

Քոսովոյի Վարչապետը Սերպերուն Հետ  Լարուածութեան  Մագլցումէն Եւ Նոր Տագնապի  Հաւանականութենէն Կը Զգուշացնէ

Քոսովոյի Վարչապետը Սերպերուն Հետ Լարուածութեան Մագլցումէն Եւ Նոր Տագնապի Հաւանականութենէն Կը Զգուշացնէ

Քոսովոյի վարչապետ Ալպին Քուրթի յայտարարեց, որ իր երկիրը պատրաստ է Սերպիոյ կողմէ հաւանական յարձակումի մը դէմ դնելու` զգուշացնելով, որ սերպ փոքրամասնութեան հետ տագնապներու բարդացումը կրնայ նոր զինեալ տագնապի յանգեցնել: Սերպիոյ եւ Քովոսոյի միջեւ լարուածութիւնը այս ամիս դարձեալ բարձրացաւ, երբ Փրիշթինան յայտնեց, որ երկրին հիւսիսը բնակող եւ Քոսովոյի պետական կառոյցները չճանչցող սերպերուն պիտի ստիպէ իրենց ինքնաշարժներուն համար Փրիշթինայի կողմէ տրամադրուած թիւեր...

«Արեւմուտքը Կանխամտածուած Կերպով  Կը Տապալէ Ժընեւեան Ձեւաչափի Աշխատանքը»  Կ՛ըսէ Քարասին

«Արեւմուտքը Կանխամտածուած Կերպով Կը Տապալէ Ժընեւեան Ձեւաչափի Աշխատանքը» Կ՛ըսէ Քարասին

Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Կրիկորի Քարասին կը պնդէ, որ արեւմտեան պետութիւնները կանխամտածուած կերպով կը տապալեն Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան նուիրուած ժընեւեան քննարկումներու ձեւաչափը: «Գլխաւոր զսպող մեքանիզմները, որոնք կ՛ապահովէին շրջանին մէջ կայունութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը, 2008-ին հրաւիրուած միջազգային ժընեւեան քննարկումներն են: Անոնց կը մասնակցին Սուխումի, Ցխինվալի, Թիֆլիսի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ` Ռուսիոյ,...

Էրտողան Եւ Ալիեւ Քննարկած Են  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած  Վերջին Իրադարձութիւնները

Էրտողան Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Վերջին Իրադարձութիւնները

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հանդիպած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին, որ եկած է Քոնիա` մասնակցելու Իսլամական համերաշխութեան 5-րդ խաղերու բացման արարողութեան: Ազրպէյճանական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ հանդիպումը տեղի ունեցած է դռնփակ: Զրոյցի ընթացքին ընդգծուած է բոլոր ոլորտներուն մէջ Անգարայի եւ Պաքուի միջեւ բարեկամական, եղբայրական եւ դաշնակցային կապերու յաջող զարգացումը: Էրտողան անգամ մը եւս յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջին...

«Եթէ Թայուանի Հետ Խաղաղ Վերամիաւորումը  Ձախողի, Չինաստանը Ուժի Բեմադրութենէն  Պիտի Չհրաժարի»  Կ՛ըսէ Փեքին

«Եթէ Թայուանի Հետ Խաղաղ Վերամիաւորումը Ձախողի, Չինաստանը Ուժի Բեմադրութենէն Պիտի Չհրաժարի» Կ՛ըսէ Փեքին

Չինաստանը ուժի բեմադրութենէն պիտի չհրաժարի, եթէ Թայուանի հետ խաղաղ վերամիաւորումը ձախողի. Փեքին ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ պատասխանել կղզիի անկախութեան կողմնակիցներու եւ արտաքին ուժերու սադրանքներուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Չինաստանի իշխանութիւններուն հրապարակած «Սպիտակ գիրք»-ին մէջ: «Թայուանի խնդիրը եւ Չինաստանի վերամիաւորման գործը նոր դարաշրջանին մէջ» վերնագիրով փաստաթուղթը պատրաստուած եւ հրապարակուած է Չինաստանի Պետական խորհուրդի Թայուանի գործերով...

Պայտըն Ստորագրած Է Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի`  ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը  Հաստատող Փաստաթուղթերը

Պայտըն Ստորագրած Է Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը Հաստատող Փաստաթուղթերը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 9 օգոստոսին ստորագրած է փաստաթուղթեր, որոնք Ուաշինկթընի կողմէ կը վաւերացնեն Ֆինլանտայի եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի անդամակցութիւնը: Այս մասին հաղորդեց ԱՖՓ-ն: Միացեալ Նահանգներու նախագահը իր խօսքին մէջ նշած է, որ հիւսիսային Եւրոպայի երկու երկիրները պիտի դառնան «ուժեղ, յուսալի եւ շատ ընդունակ նոր դաշնակիցներ», որոնք ՕԹԱՆ-ի ծիրին մէջ իրենց վրայ պիտի վերցնեն փոխադարձ պաշտպանութեան «սրբազան պարտաւորութիւնը»: Ըստ Պայտընի,...

Page 250 of 882 1 … 249 250 251 … 882

Արխիւներ