Հնդկաստան արգելակած է Ազրպէյճանի` ՊՐԻՔՍ-ի յառաջիկայ վեհաժողովին իբրեւ հիւր մասնակցութիւնը: Այս մասին «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է յոյն լրագրող Փոլ Անաթոնափուլուս:
«Ազրպէյճան այնքան թշնամական չէ Հնդկաստանի նկատմամբ, որքան Յունաստանի, սակայն անոնք (հնդիկները, «Ա.») զերոյական հանդուրժողականութիւն ունին նախայարձակներու նկատմամբ: Մինչդեռ Յունաստանի կառավարութիւնը կը ձեւացնէ, թէ Ազրպէյճանը Ռուսիոյ համար ազատական հակաթոյն է», գրած է Անթոնոփուլուս:
Պաքուն այս տարի հրաւէր ստացած էր հիւր ըլլալու ՊՐԻՔՍ-ի վեհաժողովին, որուն անդամներն են Պրազիլը, Ռուսիան, Հնդկաստանը, Չինաստանը եւ Հարաւային Ափրիկէն: Ատոր դրականօրէն արձագանգած են Մոսկուան, Փեքինը, Պրազիլիան եւ Փրեթորիան, սակայն Նիւ Տելհին դէմ հանդէս եկած է:


