Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Եթէ Թայուանի Հետ Խաղաղ Վերամիաւորումը Ձախողի, Չինաստանը Ուժի Բեմադրութենէն Պիտի Չհրաժարի» Կ՛ըսէ Փեքին

August 11, 2022
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չինաստանը ուժի բեմադրութենէն պիտի չհրաժարի, եթէ Թայուանի հետ խաղաղ վերամիաւորումը ձախողի. Փեքին ինքն իրեն իրաւունք կը վերապահէ պատասխանել կղզիի անկախութեան կողմնակիցներու եւ արտաքին ուժերու սադրանքներուն: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը նշուի Չինաստանի իշխանութիւններուն հրապարակած «Սպիտակ գիրք»-ին մէջ:

«Թայուանի խնդիրը եւ Չինաստանի վերամիաւորման գործը նոր դարաշրջանին մէջ» վերնագիրով փաստաթուղթը պատրաստուած եւ հրապարակուած է Չինաստանի Պետական խորհուրդի Թայուանի գործերով գրասենեակին եւ Պետական խորհուրդի մամլոյ գրասենեակին կողմէ:

«Սպիտակ գիրք»-երը պարբերաբար կը հրապարակուին` բացատրելու տարբեր հարցերու վերաբերեալ Փեքինի քաղաքականութիւնը:

«Թայուանի անկախութեան հասնելու փորձերը կղզին պիտի մղեն միայն դէպի աղէտի անդունդը եւ լուրջ վնաս պիտի հասցնեն թայուանցի հայրենակիցներուն: Չին ազգի, ներառեալ թայուանցի հայրենակիցներու հասարակաց շահերը պաշտպանելու համար մենք պէտք է վճռականօրէն դէմ ըլլանք Թայուանի անջատման ու անկախութեան եւ նպաստենք հայրենիքի խաղաղ վերամիաւորման», կը նշուի փաստաթուղթին մէջ:

Կը նշուի, որ Փեքին «պատրաստ է լայն տարածութիւն ստեղծել խաղաղ վերամիաւորման համար, սակայն մենք երբեք տեղ պիտի չձգենք Թայուանի անկախութեան հասնելու համար անջատողական գործունէութեան տարբեր ձեւերու»:

Փաստաթուղթին հեղինակները կը յայտարարեն, որ չիներու հարցերը պէտք է լուծեն իրենք` չիները, իսկ Թայուանի հարցը Չինաստանի ներքին գործն է, ուստի հարցին լուծումը «արտաքին որեւէ միջամտութիւն չի հանդուրժեր»:

«Այդ պարագային, երբ թայուանամէտ անջատողական ուժերը կամ արտաքին միջամտող ուժերը սադրեն, ստիպեն կամ անցնին կարմիր գիծը, մենք ստիպուած պիտի ըլլանք կտրուկ գործողութիւններու ձեռնարկելու», կ՛ընդգծուի «Սպիտակ գիրք»-ին մէջ:

Յիշեցնենք, որ Թայուանի շուրջ կացութիւնը սրած է Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսիի վերջերս կղզի կատարած այցելութենէն ետք:

 

Նախորդը

Պայտըն Ստորագրած Է Ֆինլանտայի Եւ Շուէտի` ՕԹԱՆ-ի Անդամակցութիւնը Հաստատող Փաստաթուղթերը

Յաջորդը

Էրտողան Եւ Ալիեւ Քննարկած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Տեղի Ունեցած Վերջին Իրադարձութիւնները

RelatedPosts

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական  Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսամ Իրանի Դէմ Զինուորական Գործողութեան Դիմելու Չենք Ստիպուիր»

January 31, 2026
Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու  Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով`  Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն,  Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»
Միջազգային

Ամերիկացիներուն Հետ Տակաւին Հանդիպումներու Կամ Հաղորդակցութիւններու Չգոյութիւնը Նշելով` Արաղչի. «Թէ՛ Բանակցութիւններուն, Թէ՛ Ալ Պատերազմին Պատրաստ Ենք»

January 31, 2026
Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ  Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական  Համարկումի Փոխհասկացողութեան  Գոյացումը Յայտարարեց
Գլխաւոր լուրեր

Դամասկոս Քիւրտերուն Հետ Համապարփակ Զինադադարի Համաձայնութեան Եւ Աստիճանական Համարկումի Փոխհասկացողութեան Գոյացումը Յայտարարեց

January 31, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.