Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ, արտաքին գործոց նախկին փոխնախարար Կրիկորի Քարասին կը պնդէ, որ արեւմտեան պետութիւնները կանխամտածուած կերպով կը տապալեն Հարաւային Օսեթիոյ եւ Աբխազիոյ մէջ ստեղծուած կացութեան նուիրուած ժընեւեան քննարկումներու ձեւաչափը:
«Գլխաւոր զսպող մեքանիզմները, որոնք կ՛ապահովէին շրջանին մէջ կայունութիւնն ու կանխատեսելիութիւնը, 2008-ին հրաւիրուած միջազգային ժընեւեան քննարկումներն են: Անոնց կը մասնակցին Սուխումի, Ցխինվալի, Թիֆլիսի, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի միջնորդութեամբ` Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու, Եւրոպական Միութեան եւ ԵԱՀԿ-ի ներկայացուցիչները:
«Վերջին ամիսներուն, սակայն, կը մտահոգէ այն հանգամանքը, որ Եւրոպական Միութիւնը, Միացեալ Նահանգները եւ Զուիցերիան, Ուքրանիոյ մէջ ծաւալած կացութիւնները իբրեւ պատրուակ օգտագործելով, կը փորձեն տապալել ժընեւեան քննարկումներու աշխատանքը», «Թելեկրամ»-ի վրայ գրած է Քարասին` նշելով, որ վերջին անգամ այս ձեւաչափին մէջ քննարկումներ կազմակերպուած են դեկտեմբեր 2021-ին:
«Ատիկա շատ վտանգաւոր է, որովհետեւ կրնայ յանգեցնել մտածուած սադրանքներու», գրած է Քարասին: