Կիպրոսի արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց, որ «պաշտօնական բողոքներ» ներկայացուցած է հիւսիսային Կիպրոսի թուրքերու ղեկավար Էրսին Թաթարի` Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ Թուրքիոյ մէջ Իսլամական համերաշխութեան խաղերու ընթացքին հանդիպումին դէմ, ինչպէս նաեւ ազրպէյճանական կառավարութենէն «սրբագրման քայլեր» պահանջած է:
Նախարարութիւնը նշեց, որ հանդիպումը կը հակասէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներուն, որոնք տասնամեակներէ ի վեր կը դատապարտեն հիւսիսային Կիպրոսի մէջ անջատողական թրքական պետութեան մը ստեղծման միակողմանի յայտարարութիւնը:
Նախարարութիւնը ընդգծեց, որ կիպրացի թուրքերու պահանջներուն աջակցիլը կրնայ խանգարել Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութեան համաձայնութեան հասնելու Ազրպէյճանի փորձը, ինչ որ միութեան անդամ Կիպրոսի հաւանութեան կը կարօտի:


